ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Ստորեւ կը ներկայացնենք յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեանի՝ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին սարքուած մեծարանքի ընթրիքին ժամանակ արտասանած սրտի խօսքին սղագրութիւնը։

*

Գումգաբուն, Պատրիարքարանն ու Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրը մեր բոլորի տունն է, հարազատ երդիքը։ Թրքահայութեան սիրտը այստեղ կը տրոփէ, մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտը այստեղն է։ Ինչպէս բոլոր տուներուն մէջ, այնպէս ալ մեր բոլորի այս տան մէջ կ՚ըլլան թէ՛ ուրախ եւ թէ տխուր օրեր։ Մենք բոլորս ունինք այն զգացումը, թէ մեր համայնքը մեծ ընտանիք մըն է, որ կ՚ունենայ թէ՛ դառն եւ թէ երջանիկ պահեր։

Ես երջանիկ եմ, որ նուաստիս քահանայագործութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ ուրախ օր մը կ՚ապրինք մեր հարազատ տան երդիքին տակ։ Իրականութեան մէջ, ուրախութեան բուն պատճառը առիթը չէ, այլեւ միասին, միասնական ըլլալն է։ Ամէն տան մէջ ուրախութիւն կ՚ըլլայ, երբ տնեցիները կը համախմբուին, զիրար կը վայելեն եւ կը բաժնեն իրարու ապրումները։ Սա պատկերացումն է Սաղմոսի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ․ «Ո՛րչափ բարի ու որչափ վայելուչ է, որ եղբայրները իրարու հետ կը բնակին» (Սաղմ. 132.1): 

Այսօր ես յիսուն տարիներու հեռաւորութենէն կը յիշեմ քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացած օրս։ Սա մէկ կողմէ շատ երկար է, իսկ միւս կողմէ անցած է ակնթարթի մը նման։ Ես վստահ եմ, թէ դուք բոլորդ ինծի ինձմէ աւելի լաւ կրնաք ներկայացնել՝ քանի հինգ տասնամեակէ ի վեր ձեր մէջն եմ, ձեր աչքին առջեւ կը գտնուիմ։ Անշուշտ, իւրաքանչիւրդ ունիք ձեր դիտարկումները, գնահատականները, ինչու չէ նաեւ քննադատութիւնները։ Այդ բոլորը կը կազմեն մեծ վկայութիւն մը, որ իմ համեստ կենսագրութենէն անդին՝ կը պայմանաւորեն իմ տեղն ու դիրքը մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Ինչ որ ալ ըլլան ձեր արժեւորումները, գիտցած ըլլաք, որ յիսուն տարուայ քահանայագործութեանս ընթացքին միշտ փափաքած եմ առաջին հերթին արդարանալ Աստուծոյ առջեւ եւ անմիջապէս վերջ արդարանալ՝ իմ ժողովուրդի խղճին մէջ։ Չեմ գիտեր որքան յաջողած եմ, սակայն, ահա յոբելենական այս փուլին դարձեալ ձեր աչքին առջեւ, ձեր մէջ եմ՝ որպէս ձեր բոլորի Արամ Սրբազանը։

Հանրապետական շրջանին Պոլսոյ մէջ ունեցանք որոշ ժամանակաշրջաններ, երբ մեր պատրիարքները իրենց կողքին ունեցան երկու եպիսկոպոսներ։ Եղան նաեւ շրջաններ, երբ առհասարակ եպիսկոպոսական աստիճանով հոգեւորական մը չգտնուեցաւ։ Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն իր կողքին էին Շահան եւ Խոսրով սրբազանները։ Երջանկայիշատակ Գարեգին Գազանճեան Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն իր կողքին էին Շահան եւ Մեսրոպ սրբազանները։ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին իր կողքին էինք Շահան Սրբազանն ու նուաստս։ Այսօր ալ մեր Ամենապատիւ եւ սիրեցեալ Սահակ Պատրիարքի կողքին եմ նուաստս։ Վերջին շուրջ քսան տարիներուն, երբ մեր Պատրիարքական Աթոռը դիմագրաւեց փորձութիւններ, սկիզբին Շահան Սրբազանին հետ էինք, ապա Սահակ Սրբազանին հետ եղանք։ Ի վերջոյ, այդ փորձութիւններէն վերջ, մեր Պատրիարքական Աթոռը ունեցաւ իր այժմու գահակալը՝ մեր Ամենապատիւ եւ սիրեցեալ Սահակ Պատրիարքը, որուն խորապէս շնորհակալ եմ նուաստիս յոբելեանի արժեւորման նպատակով ցուցաբերուած կամքին համար։

Մեր այս ընտանեկան սեղաններուն շուրջ կ՚ուզեմ ողջունել Պարթոլոմէոս Ա․ Ծայրագոյն Պատրիարքն ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Մեծ պատիւ կը համարեմ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միւս Նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը։

Կը մաղթեմ, որ Պոլսոյ մեր Աթոռը ապագային ալ ունենայ եպիսկոպոսներ՝ իր գահակալներու կողքին, որպէսզի անոր պատմական առաքելութիւնը շարունակուի կենսունակութեամբ, ամուր հիմքերու եւ հոգեւորականաց դասու անդամներու եղբայրական սիրոյ ու զօրակցութեան մթնոլորտին մէջ։ Այս յոբելեանի օրուան տրամադրութեամբ ինքզինքիս իրաւունք կը վերապահեմ հնչեցնելու կոչ մը։ Համախումբ ըլլանք մեր Պատրիարքական Աթոռին ու անոր գահակալին շուրջ։ Ներդաշնակ ըլլանք հոգեւորականներով եւ աշխարհականներով, որպէսզի իւրաքանչիւրիս ջանքերը սիրոյ մթնոլորտով, զոհողութեան ոգիով բազմապատիկ արգասաւորուի ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդի ու մերազն համայնքի։

Յարգանք ու սէր ձեր բոլորին։

      

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2026