ՌԻՄԱ ՉՈԼԱՔ ՄԻՇՏ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Շիշլի մարզակումբէն Ռիմա Չոլաք կը շարունակէ յաւակնոտ յաջողութիւններ արձանագրել՝ մարմնամարզի ճիւղէն ներս։ Վերջին օրերուն ան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած փակ՝ դահլիճային փորձարկման մրցաշարքին։ Այս մրցոյթը Ռիմա Չոլաքի յաջողութիւնները դրաւ նոր հարթութեան մը վրայ։ Արդարեւ, ան մինչեւ 14 տարեկաններու դասաւորման մէջ կը մրցի, սակայն, այս անգամ մասնակցեցաւ մինչեւ 16 տարեկաններու մրցակցութեան։ Արդիւնքին Ռիմա Չոլաք յաջողեցաւ երկրորդ կարգը զբաղեցնել։ Այս նուաճումը կու գայ ապացուցանել, թէ ան ունի փայլուն հեռանկար մը։ Ռիմա Չոլաք մրցոյթին մասնակցեցաւ՝ մարզիչ Հաքան Կիւնարթանի վերահսկողութեան ներքեւ։
Ռիմա Չոլաքի յաջողութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է Շիշլի մարզակումբէն ներս՝ մինչ վարչութիւնը միշտ բարձր կը գնահատէ անոր զարգացումը։