ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Երէկ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Միջտարածաշրջանային անվտանգութեան եւ փոխկապակցուածութեան նախարարաց հաւաքը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Այս ժողովին մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ստեղծուած գարնանային միութեան պայմաններուն ներքեւ, Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի մէջ ջերմօրէն ձեռնուեցան եւ ունեցան կարճ զրոյց մը։ Անոնք միշտ վերահաստատեցին իրենց կամքը՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ի կատար ածելու ուղղութեամբ։

Պրիւքսէլի ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի, Սեւ ծովեան տարածաշրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ անվտանգութեան եւ հաղորդակցութեան կապերուն վերաբերեալ հարցեր։ Հանդիպման մասնակցեցան Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս, միջազգային գործընկերութեան հարցերով յանձնակատար Եոզէֆ Սիքելան, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու, Ուքրայնոյ, Մոլտաւիոյ, Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կամ ներկայացուցիչները։ Թէ՛ Հաքան Ֆիտան եւ թէ Արարատ Միրզոյեան ունեցան զանազան երկկողմանի հանդիպումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Հաքան Ֆիտան ելոյթ մը ունեցաւ Սեւ ծովու վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ։ «Սեւ ծովու տարածաշրջանին ուղղեալ անվտանգութեան խոստումներու յառաջ մղումը» խորագրեալ նիստին ժամանակ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա փոխկապակցուածութեան ծրագրերու շրջանակներէն ներս վստահելի դերակատարութիւն մը կը խաղայ։ Նախարարը համոզուած է, թէ Սեւ ծովէ ներս անվտանգութեան ապահովումը կախում ունի տարածաշրջանային իւրացման հասկացութենէն եւ Մոնթրէօյի համաձայնութեան նկատմամբ յարգանքէն։ Ըստ Հաքան Ֆիտանի՝ Թուրքիա եւ Եւրոմիութեան երկիրները ունին զիրար փոխլրացնող ներուժ մը եւ փորձառութիւններ, ինչ որ հասարակաց ռազմավարական հեռանկարներու ձեւաւորման եւ տնտեսական համագործակցութեան նոր թափ ապահովելու նպատակներուն կրնայ ծառայեցուիլ։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ ընդգծեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու կառուցումն ու վերակառուցումը կրնան շօշափելի տնտեսական օգուտներ ապահովել տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար։ «Միջտարածաշրջանային անվտանգութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն» խորագրեալ նախարարական հանդիպման ժամանակ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովին եւ յաջորդած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ արձանագրուած յառաջընթացին։ Ան կանգ առաւ TRIPP նախագծի իրականացման շրջանակներէն ներս իրաւապայմանագրային դաշտի ապահովման եւ տեղւոյն վրայ աշխատանքներու իրականացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն վրայ։ Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան հիմքին ինկած ներառականութեան եւ փոխշահաւէտութեան սկզբունքներուն նկատմամբ։

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոմիութիւն փոխկապակցուածութեան գործընկերութեան՝ Միրզոյեան կարեւորեց սահմանային անցակէտերու եւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու զարգացումը, մաքսային ընթացակարգերու պարզեցումը, առեւտուրի թուայնացումը, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի համագործակցութեան եւ թուային կապերու ընդլայնումը։

Նախարարը համոզուած է, թէ քաղաքական յանձնառութիւնները պէտք է վերածուին յստակ, չափելի արդիւնքներ ապահովող ծրագրերու՝ միջազգային ելմտական հաստատութիւններու եւ մասնաւոր հատուածի ներգրաւմամբ։

Արարատ Միրզոյեան կարեւորեց նաեւ Սեւ ծովը, Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան կապող յուսալի փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ թուային ենթակառուցուածքներու ձեւաւորումը։ Ան շեշտեց, որ փոխկապակցուածութիւնը պէտք է նպաստէ նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան, դիմակայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2026