ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍԿ. ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ
17 նոյեմբերին ծնած եւ 52 տարի ետք 17 նոյեմբերին վախճանած գրական ու եկեղեցական ամենապայծառ դէմքերէն մէկն է Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանց (Վան, 17 նոյեմբեր 1840-Պոլիս, 17 նոյեմբեր 1892):
Արեւմտահայ գրականութեան ու աշխարհաբարի կերտիչներէն ան՝ իբրեւ արեւմտահայ եկեղեցական գործիչ, Խրիմեան Հայրիկի հաւատարիմ աշակերտներէն եւ ամենասերտ գործակիցներէն մէկն արդարեւ: Հետեւաբար ալ, Խրիմեանի ոգիէն իր արիւնին է անցած գրելու ջերմութիւն, կրելով անկեղծ զգացմանց ու մտածմանց ճարտար գոյն, որոնք «համով-հոտով» կ՚ընեն իր գրութիւնները:
Մեր գաւառական գրականութեան զարգացման մէջ յատկանշական, նշանակալից եղաւ դերը Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանցի, որուն հատորները, լոյսի բարիքին եկած երկերը իրենց ոգեշունչ տարածքը ունին մասնաւորապէս Պոլիսն ու որոշ չափով ալ անոր բարբառը, նաեւ պատմական Հայաստանի քաղաքները, որով եկեղեցական այս աննկուն ու անխոնջ գործիչին գլխաւոր նպատակն է եղած ստոյգ կորուստէ փրկել մեր տոհմային ամէն արուեստագիտական արտայայտութիւն: Խրիմեան Հայրիկով հիմը դրուելով ու շարունակուելով Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանցով, յետագային Թլկատինցի, Ռուբէն Զարդարեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Բենիամին Նուրիկեան, Համաստեղ, Վահէ Հայկ եւ ուրիշներ զարգացուցին մեր գաւառական գրականութիւնը:
Իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններու ընթացքին եւ հայրենի հողին վրայ յայտնաբերուած, բուսած մեր հեքիաթներուն, մասնաւոր արտայայտչաձեւերուն, աւանդութիւններուն, բարքերուն, աղօթքներուն եւ անէծքներուն, նախապաշարումներուն հաւաքագրումն ու պահպանումը կը խօսի՛ն հայ քրիստոնեայ մարդուն հոգեկան այն անձանձիր տուրքէն, որ Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանցինն է:
Սրբազանը գիտէ՛ր եւ ատակ էր զգացումի ջերմութիւն, հարազատ հնչող մտածողութիւն ու ազնուական երանգ մտցնել իր հաւաքած հայ ժողովրդական դիւցազներգութեան յայտնաբերման ու բոլոր հում նիւթերուն մէջ, անոնց տալով տոհմիկ գնացք ու հայրենական սլացք՝ այնպիսի խիզախութեամբ ու վարպետութեամբ, որ կարող են վկայել իր թարմաշունչ գրեթէ բոլոր երկերը, որոնք թէեւ զուրկ են գեղարուեստական-ստեղծագործական յղացքէ, սակայն, ունին այն տաք տոհմիկ հայկական շունչը, խորունկ հայրենասիրութիւնը, խոնարհ հոգեւորականի նկարագիրը, կենսուրախ ու ազնիւ հոգին, հայու անսեթեւեթ ցաւերն ու անշպար կսկիծները, որոնք պայման են վարակիչ դարձնելու անոր գրածները հայ ընթերցողին մէջ:
Իսկ Խրիմեան Հայրիկի հաւատարիմ աշակերտը ըլլալու փա՞ստը: Դեռ 17 տարեկան պատանի եւ Խրիմեանի բացած Վարագայ վանքի «Ժառանգաւորաց» վարժարանի աշակերտ՝ Գարեգին Սրուանձտեանց նախ կը սկսի իր եռանդուն աշխատակցութիւնը բերել «Արծուի Վասպուրական» հանդէսին, որուն մէջ յաջորդաբար ան լոյս կ՚ընծայէ «Բուրաստան բարոյական առաքինութեանց» (1858), «Ինչ որ ցանես զայն կը հնձես» (1859), «Շիրիմք նախնեաց», «Տեսարանք հայրենի աշխարհաց», «Հայրենասիրութիւն եւ հայրենիք» հայրենադաստիարակչական յօդուածները, որոնք կը վերաբերին հայրենիքին եւ անոր ապագային:
1862-ին կը պայթի Զէյթունի ապստամբութիւնը եւ հայ զանգուածները ոտքի կ՚ելլեն պաշտպանելու իրենց ազատութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը: Սրուանձտեանց, լա՛ւ գիտէ, որ հայ երիտասարդութի՛ւնը պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարի հիմնասիւնը: Ան կը յորդորէ, կը պատգամէ, կոչ կ՚ընէ ըսելով. «Միանամք մեք եղբարք, զօրութիւն ի միութիւն եւ յաղթութիւն ի զօրութիւն»:
Նոյն տարին, 22-ամեայ Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ Տարօնի մէջ կը սկսի լոյս տեսնել «Արծուիկ Տարօնոյ» երկշաբաթաթերթը, որուն առաջին թիւի խմբագրականին մէջ ան սապէս կը գրէ. «Ո՜հ, դու ծնար, դեռ Հայաստան ի ցաւս կը հեծէ»: Երիտասարդ խմբագիրը այս խօսքերով իբրեւ օրակարգ կը բարձրացնէ հայրենասիրութեան բարբառն ու ազատութեան շունչը: Դժբախտաբար թերթը քաղաքական մատնութեամբ կարճ միջոց մը փակուելէ յետոյ կը վերաբացուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին միջնորդութեամբ:
1867-ին Սրուանձտեանց ընդունելով կուսակրօնութիւնը՝ կ՚օծուի վարդապետ: Այնուհետեւ առանց արգելքի ան կը շրջագայի ժողովուրդին մէջ: Մերթ կ՚ուղղուի Վան՝ բոցաշունչ քարոզներ սփռելով ու ոգեզինելով ժողովուրդը, մերթ կ՚երթայ Կարին՝ իբրեւ քաղաքային դպրոցի տեսուչ եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, մերթ ալ Մուշ՝ տեղի Ս. Կարապետ վանքի վանահօր փոխանորդ իբրեւ, ամէնուրեք անհաշտ պայքար տանելով յետադիմական խաւերու եւ հարստահարիչներու դէմ, մանաւանդ «Մանզումէի Էֆքեար»ի էջերու հրատարակիչին դէմ, չխնայելով մինչեւ իսկ Մշոյ մեճլիսի անդամ պետական պաշտօնեաները: Օրինակ, յիշեալ հանդէսին մէջ «Մշեցւոց վրայ ընդհանուր տեսութիւն մը» խորագրեալ յօդուածաշարքով եւ գրուած Խրիմեան Հայրիկի անմիջական պատուէրով, Սրուանձտեանց մանրակրկիտ թուարկումներով կը մերկացնէ Տարօնի հայութեան կրած հարստահարութեանց համարեա բոլոր դէպքերը, կեղեքուած ժողովուրդին անլուր տառապանքները, անարգանքի սիւնին գամելով խաւարամիտ ու թուլամորթ եկեղեցական ներկայացուցիչները:
Նշանակալից ժամանակներ էին 1869-1873 երկարող տարիները: 1869-ին Մկրտիչ Խրիմեան կ՚ընտրուի Պոլսոյ պատրիարք, որուն հայեացքները կ՚ուղղուին գաւառէն քաղաք՝ Վան, արեւմտահայութեան ցաւերը դարմանելու նպատակով, իսկ իր հաւատարիմ աշակերտը՝ Գարեգին Սրուանձտեանց, մնալով գաւառ, մտնելով բոլոր մութ խորշերը, կը շարունակէ յորդորել ժողովուրդը, պայքարի աւիւն ներարկելով հայոց մէջ՝ անպատիժ մնացած կղերին ու հարստահարիչին դէմ:
1871-ի վերջերուն Սրուանձտեանց կը նշանակուի Ազգային սահմանադրութեան գործադրիչ՝ այնպիսի ժամանակներուն, երբ Վանի մէջ սկսած էր եռեւեփիլ հայ կեանքը ու հայը յայտնուիլ ներքին նոր խմորումներու, մարտահրաւէրներու առջեւ: Սահմանադրութեան գործադրումէն բացի Սրուանձտեանց ունէր այլ գործեր ալ կատարելու, հրահանգներ պատրիարքէն՝ զանոնք ի կատար ածելու մինչեւ վերջ, որոնցմէ գլխաւորներն էին՝ քարոզել ժողովուրդին յառաջդիմութեան համար, խօսիլ աղէտներու դարմանման մասին՝ ամուր սէրով միաւորելու ազգին զաւակները, երիտասարդութեան մէջ վառել կրակը հայրենասիրութեան եւ զօրացնել ուսման տենչը անոնց մէջ:
1873-ին, դժբախտաբար Խրիմեան Հայրիկ Պատրիարքական Աթոռէն հրաժարելէ ետք Սրուանձտեանցի ազգային գործունէութեան խանդը եւս կը նուազի եւ ան կ՚անցնի Պոլիս, ուր կը ծաւալէ գրական գործունէութիւն: Քանի մը տարի ետք վրայ կը հասնի ռուս-թրքական պատերազմը, ապա Պերլինի խորհրդաժողովը, հայ քաղաքական պատրանքներ…, եւ այս բոլորին մէջ Սրուանձտեանց խոր ցաւով կ՚արձանագրէ ազգիս անմիաբանութեան խնդիրներուն կապուած բազմաթիւ իրողութիւններ Վանի եւ շրջակայ գաւառներու կեանքէն:
1874-ին լոյս կը տեսնէ աւանդութիւններ ու հեքիաթ-զրոյցներ ներկայացնող եւ քառասուն գլուխներէ բաղկացած իր անդրանիկ երկը՝ «Գրոց ու բրոց»ը, որուն մաս կը կազմէ «Մհերի դուռ»ը կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը: Լուսամիտ գրագէտ սրբազանը կը յայտնէ, թէ «Սասունցի Դաւիթ»ը առաջին անգամ ի՛նք գրի առած է 1873-ին, գիւղացի Կրպոյի բերնէն, Մշոյ դաշտի Առնիստ գիւղին մէջ: Նոյն տարին կը հրատարակուի գրաբարով գրուած իր «Հնոց եւ նորոց»ը, որ կը ներկայացնէ Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Անյաղթ Իմաստասէրի Յունաստանի մէջ աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ աւարտական քննութեան ձեւերն ու Հայաստան վերադարձը: Բացի Սրուանձտեանցի յառաջաբան ու վերջաբան խօսքերէն, այստեղ կայ նաեւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին ձեռագիր մատեաններուն ցանկը:
1876-ին լոյսի բարիքին կու գայ քանի մը բաժիններէ բաղկացած «Մանանայ» երկը, որ կը ներկայացնէ Վանայ այգեստանը անոր անթարշամ գեղեցկութիւններով: Այստեղ ան կու տայ տեսութիւն մը ժողովրդական վէպերու եւ զրոյցներու մասին, ապա ինն հեքիաթներ՝ Վանի բարբառով: Գիրքին երրորդ մասին մէջ հեղինակը հաւաքած է ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ «Սիրտս նման է էն փլած տներ», «Լուսնակն անոյշ, հովն անոյշ», եւ այլն: Այս շարքին մէջ կան հարսանեկան երգեր, հարս ու կեսրոջ տաղեր, առածներ եւ առակներ ու գաւառական բառերու ցանկ մը: Սրուանձտեանց կ՚ընդգծէ ըսելով, թէ իր սոյն գործը բազմատեսակ նիւթերու շտեմարան մըն է, իր բնութագրումով՝ «բանասիրաց եւ գրասիրաց համար պատրաստուած նիւթ»:
Ուղեւորութեան մը առիթով գրի առած տպաւորութիւններու ժողովածոյ մըն է «Համով հոտով»ը, լոյս տեսած 1884-ին: Այս հատորին մէջ կան զանազան բարբառներով հեքիաթներ, զրոյցներ: Գիրքը նուիրուած է Հայաստանի տեղավայրերուն, պատմական յուշարձաններուն, հայոց պատմիչներուն եւ մշակոյթի բնագաւառներու գործիչներուն: Հատորին մաս կը կազմեն «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ» քրտական-ժողովրդական աւանդավէպը, Ակնայ ժողովրդական երգեր, գեղջկական երգեր, հարսանեկան պարերգներ, եւ այլն:
Վերջապէս երկհատոր «Թորոս Աղբար»ը (1879-ին եւ 1884-ին), որուն մէջ Սրուանձտեանց կ՚արծարծէ հայերու գաղթական իրավիճակին, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ, ո՛չ թէ գիտական մօտեցումով, այլ՝ բանաստեղծի ներշնչմամբ: Կը գրէ իր ուղեւորութիւնը Սամսոնէն դէպի Ամասիա, Սվազ եւ Խարբերդ: Երկրորդ հատորը հինգ տարի ետք իր կատարած նոր ճամբորդութեան նկարագրութիւնն է: Այստեղ գրագէտ սրբազանը կու տայ շահեկան տեղեկութիւններ Տրապիզոնի, Երզնկայի, Խարբերդի, Չմշկածագի, Քեմախի, Բալուի, Արզնի, Ակնայ եւ Տիգրանակերտի մասին:
Պիտի ընդգծել, որ Սրուանձտեանցի ոգին աւելի՛ տիրական էր քան Խրիմեանինը, որուն բարոյախօսութիւնները յաճախ կը զառածին հակակշիռէ դուրս: Սրուանձտեանցէն ետք մենք ունեցանք կղերական գրական դէմքեր, ինչպէս՝ Դուրեան արքեպիսկոպոսը, Թորգոմ Գուշակեանը, Մաղաքիա Օրմանեանը, Բաբգէն Կիւլէսէրեանը եւ ուրիշներ, սակայն Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանցի մէջ ազգային ջիղէ վաւերական գրագէտը կը մնայ գերիվեր ու զատորոշելի: Իր գործերը զերծ են ձանձրացուցիչ, վանողական ու ճապաղ քարոզներէ, որոնք պիտի շարունակեն մեզ յուզավառել իրենց յորդութեամբ, վարակիչ ջերմութեամբ, հրաբորբ հմայքով՝ բոլո՛ր ժամանակներու մէջ:
Իբրեւ բանասէր-բանահաւաք, ազգագրագէտ, ազգային-հասարակական, մշակութային եւ կրթանուէր գործիչ, Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանց կը հանդիսանայ մտատիպար ազգահաւաքի՝ 19-րդ դարու հայ եկեղեցական կեանքին մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ