ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԱՅ ՄԵՆԹԻ-ՄԵՆԹՈՐ» ՀԱՐԹԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Հայ մենթի-մենթոր» հարթակի ներկայացուցիչները, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ընթացիկ աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ նաեւ նոր շրջանի թեկնածուներուն։

Նորին Ամենպատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, հարթակի գործունէութեան վերաբերեալ ստացած թարմ տեղեկութիւններու լոյսին տակ։ Ան յաջողութիւն մաղթեց նոր շրջանին պաշտօն ստանձնելիք թեկնածուներուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026