ԱՆՈ՛ՆՔ ԵՆ ՄԵՂԱՒՈՐ

Այն, որ այսօր հայ ժողովուրդը թէ՛ Մայր Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ կ՚ապրի իր գոյութենական ամենէն ծանր եւ վտանգաւոր ժամանակաշրջանը, բոլորին ալ յայտնի է: 

Այն, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք մինչ Վրաստանը, Ատրպէյճանը եւ այլ երկիրներ յաջողած են որոշ առումով ոտքի կանգնիլ, պետականութիւն ունենալ, տնտեսութիւն կառուցել, այդ եւս ակնյայտ է: 

Այն, որ թէ՛ Խորհրդային Միութեան եւ թէ յետ այդ միութեան փլուզումը սփիւռքը, շատ աւելի ազգային ու ազգայնական եղած է՝ գոնէ մինչեւ 2020 թուականի Արցախի վերջին պատերազմը մանաւանդ, այդ եւս շողացող իրականութիւն է: 

Այն, որ թէ՛ մինչեւ 2018 թուականը Հայաստանը իշխողները եւ թէ 2018-էն ետք մինչեւ մեր օրերս իշխողները բոլոր առումներով ձախողած են, այդ եւս աղաղակող ճշմարտութիւն է, որովհետեւ ո՛չ պետականութիւն ունինք, ո՛չ ինքնիշխանութիւն, ո՛չ պետական մտածելակերպ, ո՛չ դիւանագիտութիւն…: Ասոնց վրայ աւելցնենք Արցախի կորուստը… 

Այս բոլորը, սակայն, ո՛չ Հայաստանին եւ ո՛չ ալ սփիւռքին իրաւունք կու տան մէկը միւսը մեղադրելու, հիւանդութիւն մը, աւելի ճիշդ ԱԽՏ մը, որ վատորակ ուռուցքի նման ներթափանցած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մտածողութեան մէջ: Կարծէք մրցումի ելած ըլլան մէկը միւսը մեղադրելու, յանցանքը իր վրայէն միւսին վրայ նետելու: 

Այս տողերուն դրդապատճառը այսօր առաւօտեան կարդցածս մէկ յօդուածն էր՝ մահացողի մը յիշատակին գրուած, ուր յօդուածագիրը պահ պահ մոռցած ըլլալով, թէ ի՛նչ է գրածը, Հայաստանի հասցէին ծանր մեղադրանքներ կը թափէր, Հայաստանի իշխանաւորներուն գործածած լեզուն կը պախարակէր եւ այսպէս շարունակ: 

Յօդուածին մէջ անտեղիօրէն (որովհետեւ ինչպէս ըսի մէկու մը յիշատակին գրուած յօդուած մըն էր) յիշատակուած երեւոյթները այնպէս չէ, որ չե՛ն համապատասխաներ իրականութեան, սակայն, միակողմանիօրէն մօտենալ այս երեւոյթներուն, պարզապէս սնափառութիւն է, որովհետեւ այսօր սփիւռքը այս եւ նման խնդիրներու պարագային ուրիշ պատկեր չի՛ ներկայացներ, չըսելու համար Հայաստանէն ա՛լ աւելի խորն է սփիւռքի վիճակը այս եւ նման խնդիրներու պարագային: 

Նմանօրինակ գրութիւններու ալ ու դատափետումներու ալ կը հանդիպինք յաճախ հայաստանեան մամուլին մէջ, ուր սուրերը պատեաններէն հանած անխնայ յարձակում կը կատարուի սփիւռքի վրայ եւ, յաճախ այդ յարձակումները կը կատարուին Հայաստանի իշխանաւորներուն կողմէ կամ անոնց կողմէ կ՚ուղղորդուին այդ յարձակումները:

Զիրար մեղադրելու այս ախտը, սակայն, ո՛չ Հայաստանին եւ ո՛չ ալ սփիւռքին օգուտ կը բերէ, ընդհակառակը, միայն վնաս ու անհասկացողութիւն: Առանց այս ալ Հայաստանն ու սփիւռքը զիրար չե՛ն ճանչնար եւ ո՛չ ալ պատրաստակամութիւն ունին զիրար ճանչնալու, որովհետեւ իրենք առանձնաբար այնքան խնդիրներ ունին, որ չեն ուզեր յաւելեալ խնդիրներ ձեռք բերել: 

Ոմանք թերեւս հակառակին այս տողերուն, նոյնիսկ՝ վրդովին: Իրաւունք ունին, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ իր մտածելակերպն ու տեսահորիզոնը ունի, որով կը դիտէ իր շրջապատը, կը քննէ ու կը խորհրդածէ զինք շրջապատող երեւոյթներուն մասին: Սակայն, շա՜տ շատեր, նոյնիսկ լռելեայն համաձայն պիտի գտնուին վերը գրուած տողերուն: 

Ի՞նչ կարելի է ընել, արդարեւ, որպէսզի ես չեմ՝ ի՛նքն է-ի կամ՝ իրե՛նք են մեղաւոր-ի այս ախտաւոր հոգեբանութիւնը մեր մէջէն արմատախիլ ընենք:

Մեր ընելիքը շատ դիւրին եւ պարզ է. առաջին հերթին ճանչնալ մենք մեզ թէ՛ որպէս Հայաստան եւ թէ՛ որպէս սփիւռք: Երկրորդ՝ պատրաստակամութիւն յայտնել մէկս միւսը ճանչնալու եւ իրարու ձեռք մեկնելու: Երրորդ՝ ատելութեան ոգին՝ ինչին պատճառով յառաջացած է այդ ուռուցքը, փոխարինել սիրոյ եւ համերաշխութեան ոգիով (բնականաբար խօսքը չի՛ վերաբերիր հող ծախողներուն ու յանձնողներուն, երկիր քանդողներուն՝ անցեալի թէ ներկայ իշխանաւորներ ըլլան անոնք. անոնք անպայմանօրէն պէտք է հայ ժողովուրդին պատասխան տան եւ ստանան իրենց համապատասխան պատիժը): 

Ի վերջոյ, պէտք է հասկնանք, որ Հայաստանը առանց սփիւռքի եւ սփիւռքը առանց Հայաստանի, ամբողջական չեն կրնար ըլլալ։ Մեր ուժը մեր միասնութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ իրարու հանդէպ պատասխանատուութեան մէջ է։ Ժամանակն է, որ անցեալի հաշիւները մաքրելու փոխարէն՝ ապագայի ճանապարհը հարթենք, որովհետեւ պատմութիւնը մեզի պիտի չդատէ այն բանով, թէ ի՛նչ յաջողութեամբ կրցանք զիրար մեղադրել, այլ այն բանով, թէ ինչքանո՛վ կրցանք միասնաբար դիմագրաւել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ 

Հայաստանն ու սփիւռքը պէտք է դադրին իրարու մէջ թերութիւններ փնտռելէ եւ սկսին իրենց ուժեղ կողմերը բացայայտել։ Սփիւռքը ունի բաւական հարուստ փորձառութիւն, զանազան կառոյցներ, մարդկային եւ մասնագիտական ներուժ, իսկ Հայաստանը ունի այն բոլոր կարելիութիւնները սեփական հողին վրայ իր ապագան կերտելու հնարաւորութիւն։ Այս երկու իրականութիւնները պէտք է ամբողջացնեն զիրար եւ ո՛չ թէ հակադրուին իրարու։ 

Ազգային կեանքի մէջ քննադատութիւնը անհրաժեշտ է, բայց անիկա պէտք է ըլլայ կառուցողական, արդար եւ անկեղծ, ո՛չ թէ ատելութիւն տարածելու կամ փոխադարձ հաշիւներ մաքրելու միջոց։ Մեր սխալները ճանչնալը թուլութիւն չէ, այլ՝ զօրութեան նշան։ Միւսին սխալը մատնանշելէ առաջ պէտք է քաջութիւնը ունենանք մեր սեփական թերութիւններուն նայելու։

Այսօր, մեզի պէտք է ո՛չ թէ մեղաւորներու՝ «քաւութեան նոխազ»ի անվերջ փնտռտուք, այլ՝ ազգային գիտակցութիւն, պատասխանատուութիւն եւ միասնական կամք։ Այլապէս, պարտուած պիտի ըլլանք բոլորս՝ թէ՛ Հայաստան եւ թէ ալ սփիւռք։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026