ԵՐԿՈՒ ՍԵՌԻ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Քրիստոնէութիւնը՝ որուն գլխաւոր նպատակներէն մին էր մարդկային անձնաւորութիւնը հեթանոսութեան յատուկ ստրկական դրութենէն հանել, հաւասարել երկու սեռի մարդկային իրաւունքներու մէջ, եւ այլն, բոլորովին տարբեր հայեացք ձգեց ընտանիքի նշանակութեան, իմաստին եւ կազմակերպութեան վրայ։ Միանգամայն մերժելով ծնողներու բարբարոս, խժդուժ իրաւունքը իրենց զաւակներու կեանքի եւ մահու վրայ՝ արգիլելով անխնայ եւ խստութեամբ վարուիլ անոնց հետ, պատուիրելով խնամել, հոգալ, դաստիարակել, օգնել, պահպանել զանոնք։

Քրիստոնէութիւնը միւս կողմէ պարտադրեց եւ զաւակները փոխադարձաբար սիրել, յարգել, պատուել իրենց ծնողները, հնազանդ ըլլալ անոնց եւ այլն։ Այնուհետեւ, ինք ըստ ինքեան պիտի վերանար ծնողներու միապետական իրաւունքը եւ իշխանութիւնը զաւակներու վրայ ընդհանրապէս եւ անոնց ամուսնութեան գործին վերաբերմամբ յատկապէս, այլ անոր փոխարէն պիտի տիրապետէր ընտանիքի բոլոր անդամներու մէջ փոխադարձ սէր եւ բարոյական շաղկապ։ Ուստի, եթէ որդիները իրենց ամուսնական գործին մէջ պարտաւո՛ր էին յարգել ծնողներու կարծիքը, խորհուրդը եւ համաձայնութիւնը՝ ծնողներն ալ պարտաւո՛ր էին վարուիլ այդ գործին մէջ համաձայն անոնց փափաքին եւ ազատ կամքին։

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, եկեղեցական օրէնսդրութիւնը փոխեց ծնողներու եւ զաւակներու համաձայնութեան դերերը ամուսնութեան հարցի մէջ, մինչդեռ հին դրութեամբ ծնողներու համաձայնութիւնը վեր էր քան թէ զաւակներու յօժարակամ հաճութիւնը, նոր դրութեամբ այդ հաճութիւնը նախադաս նշանակութիւն ստացաւ։ Այնուամենայնիւ, եկեղեցական օրէնսդրութիւնը կը պահանջէր զաւակներու ամուսնութեան օրինաւորութեան համար ծնողներու համաձայնութիւնը՝ իբրեւ նշան յարգանքի, իբրեւ առհաւատչեայ նոյնիսկ ամուսնութեան բարեբախտութեան եւ ընտանիքի խաղաղութեան համար։

Ասոր հակառակ պէտք չէ հասկնալ Աւետարանի այն խօսքը թէ. «… վասն այսորիկ թողցէ այր զհայր եւ զմայր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ…». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 5), (ՄԱՐԿ. Ժ 7), (ԵՓՍ. Ե 31), (ԾՆՆԴ. Բ 24), քանի որ այդտեղ խօսքը կը վերաբերի ո՛չ թէ որդիի իրաւունքին ամուսնանալ առանց իր ծնողներու հաճութեան եւ համաձայնութեան, այլ այն միութեան՝ որով այր-մարդը եւ կին-մարդը պիտի կազմեն մէկ մարմին, այն սիրոյ՝ որ աւելի հզօր եւ սերտ պէտք է ըլլայ անոնց մէջ, քան թէ դէպի իրենց ծնողները։

Բայց որովհետեւ ծնողները այնուամենայնիւ շատ անգամ դէպի չարը կը գործադրեն իրենց ծնողական իրաւունքը իրենց զաւակներուն ամուսնութեան վերաբերմամբ, կը բռնադատէին անոնց ազատ ընտրութիւնը եւ յօժարակամ հաճութիւնը, առանց անոնց գիտութեան եւ ծանօթութեան կ՚ընտրէին հարս կամ փեսայ եւ շատ անգամ նորապսակ ամուսինները միայն առագաստի՝ հարսնեկան սենեակին մէջ կը տեսնէին առաջին անգամ իրարու երեսը, առուտուրի մէջ կը մտնէին եւ ո՛վ որ շատ բաժին կու տար աղջիկը կ՚ուզէին կամ ո՛վ որ շատ ընծաներ (խալաթներ) կ՚առաջարկէին՝ անոր կու տային աղջիկը, կը խաբէին՝ խոստովանելով եւ ցոյց տալով հարսնախօսին կամ միջին-մարդուն աղջիկներու գեղեցիկը, առողջը, մատաղահասը, իսկ քօղով ծածկուած կը պսակէին տգեղը, կաղը կամ կոյրը, ախտաւորը եւ ցաւագարը, պառաւը, մէկ խօսքով՝ ծնողները յաճախ իրենց կամակորութեամբ, ագահութեամբ, եւ այլն, դժբախտութեան կը մատնէին իրենց զաւակները եւ անոնց ընտանեկան կեանքը, ուստի, եկեղեցական օրէնսդրութիւնը, նման աշխարհական օրէնսդրութեան, բոլորովին արգիլեց ծնողներու այդ տեսակ բռնադատութիւնները եւ անվաւեր յայտնեց, ինչպէս եւ բռնադատութեամբ կայացած ամուսնութիւնները։

Այնուամենայնիւ, անցան շատ դարեր, մինչեւ որ Եկեղեցին յաջողեցաւ գոնէ թեթեւ կերպով սահմանափակել ծնողներու բռնադատութիւնը։

Հռովմէադաւան Եկեղեցին նախապէս նոյնպէս անվաւեր կը համարէր զաւակներու ամուսնութիւնը առանց ծնողներու համաձայնութեան, բայց այժմ կը փափաքի, որ զաւակները իբրեւ նշան յարգանքի ստանան ծնողներէն այդ համաձայնութիւնը, թէպէտ անոր բացակայութիւնը չի վնասեր ամուսնութեան վաւերականութեան։ 1545-63 թուականներու Տրիդենտեան ժողովը մինչեւ իսկ կը նզովէ անոնք՝ որոնք կ՚ուսուցանեն, թէ առանց ծնողներու համաձայնութեան անվաւե՛ր է զաւակներու ամուսնութիւնը։

Բողոքական եւ Լուտերական եկեղեցիները զանազան ժամանակ սահմանած կանոններով թէպէտ նոյնպէս կը պահանջեն ծնողներու համաձայնութիւնը եւ առանց անոր անվաւեր են զաւակներու ամուսնութիւնը։ Սակայն, ան ընդհանուր կանոնի հանգամանք չունի։

Յոյն եւ յունադաւան եկեղեցիները հետեւելով Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի կանոնին (Ի եւ ԻԳ կանոն) եւ Բիւզանդական կայսրութեան օրէնքներուն՝ նոյնպէս կը պահանջուին ծնողներու համաձայնութիւնը, առանց որու անվաւեր կը համարուի զաւակներու ամուսնութիւնը մինչեւ կը հաշտուին ծնողներու հետ, բայց անոնք ամէն կերպով երեք տարի պէտք է ապաշխարանք կրեն։ Այս առթիւ հօր մահէն յետոյ բնական խնամակալ՝ հոգաբարձու եւ իրաւասու կը համարուէր մայրը, որպէս եւ մօր մահէն յետոյ՝ հայրը։ Եւ վերջապէս, քրիստոնէութիւնը սկզբունք կ՚ընդունի, թէ բոլոր մարդիկ, առանց խտրութեան հաւասար են Աստուծոյ առջեւ եւ որոնք Անոր որդիներն են։

Այս ուղղութեամբ կ՚ուզենք անդրադառնալ սիրելի ընթերցող բարեկամի մը, մասնագէտ մըն է, հաղորդագրութեան՝ այս սիւնակներու մէջ հրատարակուած 26 հոկտեմբերի «Ծնունդներու կանոնաւորում» եւ 27 հոկտեմբերի «Սխալ վարմունքներ» գրութիւններու մասին։

Հաղորդագրութիւնը աւելի լրացուցիչ հանգամանք մը ունէր՝ բացայայտիչ էր, ուստի, փափաքեցանք զայն բաժնել մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ։ Հոս չենք ուզեր հաղորդագրութիւն գրող մասնագէտին անունը յիշել, քանի որ հաղորդագրութիւնը անձնական էր եւ անունը յայտնել բարոյագիտական սկզբունքներու ներհակ պիտի ըլլար։

Մասնագէտ բարեկամը կը գրէր.

«Երէկ եւ այսօր ձեր յօդուածագրութեան մէջ տեղեակ եկայ conception-ի անարդար ծնունդներու… չափահաս զաւակի տէր ընտանիքներու բարեխրատումները անբաւարար կրնայ ըլլալ… Ասիկա շատ բնական քննադատութեան նիւթ մըն է…»։

Նախ շնորհակալ ենք մեր սիրելի ընթերցող բարեկամին ուշադրութեան՝ որ անկեղծօրէն հետաքրքրուած է այս նիւթերով եւ մանաւանդ իր մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ լուսաբանած է մեզ։

Արդարեւ, քննադատութիւնը եթէ լրացուցիչ է եւ շինիչ, անշուշտ, օգտակար է, քանի որ հոն՝ ուր մարդու ձեռքէ ելած գործ մը կայ՝ մտածում, կարծիք կամ արարք, անխուսափելի՛ է, որ քննադատութեան առարկայ չըլլայ, քանի որ մա՛րդ չի կրնար ամենագէտ եւ ամենակատարեալ ըլլալ, մարդու ամէն գործի մէջ անպայմա՛ն թերի, անկատար կողմ մը պիտի ըլլայ։ Բնական է ասիկա։

Ահաւասիկ, ճիշդ ա՛յս կէտին է, որ մանաւանդ մասնագէտներու անկեղծ, շինիչ եւ ամբողջացուցիչ քննադատութիւնները շատ օգտակար են, ուստի՝ կարեւոր են եւ անհրաժե՛շտ ընթերցողներու ի նպաստ։ Եւ այս իմաստով, երանի՜ թէ աւելնան այսպիսի բացայայտիչ եւ լրացուցիչ քննադատութիւններ, քանի որ յառաջդիմութեան համար քննադատութիւնը կարեւոր դեր մը կը խաղայ։

Դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր սիրելի՜ բարեկամին…։

Սխալ է մարդկային արարքներու բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները՝ միջավայր, ընկերային ճնշում, ստիպում կամ հարկադրանք գործելու, որոնք անոր շրջանակը կը կազմեն։

Կան արարքներ՝ որոնք իրենք իրենցմէ եւ յինքեանս անկախաբար պարագաներէն եւ դիտաւորութիւններէն, ծանրօրէն արգիլուած են իրենց առարկային պատճառով. այսպէս հայհոյութիւնը սւ սուտ երդումը, մարդասպանութիւնը եւ պոռնկութիւնը։ Արտօնուած չէ՛ չարիք մը ընել անկէ բարիք բերելու համար։ Եւ կամ արդիւնքը չ՚արդարեցներ միջոցը…

Քրիստոնեայ ամուսինները՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ իրենց կեանքին վիճակով եւ իրենց կարգին պատճառով, Աստուծոյ ժողովուրդին ծոցին մէջ իրենց յատուկ պարգեւները ունին։ Ամուսնութեան խորհուրդին յատուկ այս շնորհքը սահմանուած է կատարելագործելու կողակիցներուն սէրը, ամրապնդելու անոնց անլուծանելի՛ միութիւնը…

Կը պատմուի, թէ իրենց ասպարէզներուն մէջ մասնագէտ տիեզերագնաց մը եւ վիրաբոյժ մը կը զրուցեն։ Տիեզերագնացը թերահաւատ մէկն է, իսկ վիրաբոյժը՝ հաւատացեալ եւ ուղեղի վիրահատութեան մասնագէտ մը։ Խօսակցութիւնը կու գայ Աստուծոյ եւ հաւատքի մասին։

Թերահաւատ տիեզերագնացը կ՚ըսէ.- Քանի մը անգամ անջրպետ ճամբորդութիւն կատարեցի, բայց հոն Աստուծոյ չհանդիպեցայ։

Հաւատացեալ վիրաբոյժը կը պատասխանէ.- Ես ալ հարիւրաւոր ուղեղ բացի, բայց հոն միտքի չհանդիպեցայ։

Ո՛վ ի՞նչ կը հասկնայ այս պատմուածքէն, բայց սա անհերքելի իրողութիւն է, որ որեւէ բանի մը գոյութիւնը զայն տեսնելու, տեսանելի ըլլալու կապուած չէ՛։ Աստուած անտեսանելի է, բայց գոյութիւն ունի, ինչպէս միտքը չի տեսնուիր, բայց կա՛յ։

Վերոյիշեալ մեր սիրելի մասնագէտ բարեկամը մեզի, երկրորդ անգամ շատ օգտակար տեղեկութիւններ տուաւ։ Իրապէ՛ս գիտութիւնը ամէն մարզի մէջ զգլխիչ յառաջդիմութիւններ կ՚արձանագրէ եւ մեծապէս գնահատելի են գիտուններու աշխատութիւնները։ Բայց մինչեւ ո՞ւր։ Հարցը ահաւասիկ ա՛յս է։ Մինչեւ ո՞ւր…

Պարզ հարցում մը. եթէ բնութիւն չըլլար գիտութիւն գոյութիւն պիտի ունենա՞ր եւ եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար՝ բնութիւն կ՚ըլլա՞ր։

Գիտութեան հիմնական սկզբունքն է՝ «պատճառ-արդիւնք» համեմատութիւնը եւ դրական փաստը։ Ուստի, ամէն գիտական յառաջդիմութիւն, գիտելիք անպայման «պատճառ» մը ունի. հապա այդ պատճառներուն սկզբնական Պատճա՞ռը։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի սրտի խորքերէն կ՚աղօթէ.

«Բժշկութեան հմտութեան ամենափորձուած հնարաւորութեամբ անախտական կեանքի դուն պատճառ, երկնային զօրեղ թագաւոր՝ Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս, Աստուած՝ իմանալիներու բոլոր եւ տեսանելիներու։ Ահա՛ իմ մէջ ես դուն, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ, նոր կցորդութեամբ, ուստի եւ ես միացած քեզ հետ խօսքի դաշինքով այս բարեզարդ՝ թո՛ղ լուսաւորուիմ կրկին ողջացած՝ շնչով եւ մարմինով, ըստ ամենայնի կարող եւ անյաղթ։

«Սպեղանիներու կարիք չես զգար դուն՝ հոգիիս վէրքերուն փաթաթաններ պատրաստելու համար, ո՛չ ժամանակի, ո՛չ միջնորդի եւ ո՛չ ալ երկարաձիգ օրերու, ո՛չ փոփոխական դեղեր տալու եւ ո՛չ անդամահատման, ո՛չ ալ խարելու, վիրահատութեան, եւ այլ երկրաւոր դարմանումներու, որոնք ենթակայ են յաճախ վրիպանքի եւ ամենասխալ տարակուսութեան։ Բայց քեզ՝ հոգիներու եւ մարմիններու Արարչիդ ամենայն ինչ լուսաւոր է, ամենայն ինչ ակներեւ, ամէն ինչ գրուած, ամէն ինչ դիւրին եւ հնարաւոր…». (Մատեան Ողբերգութեան՝ Բան ԽԳ, ա-բ)

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի այս աղօթքը յստակ եւ բաւարար պատասխան մըն է հաւատքի եւ գիտութեան զուգակշռութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու, եւ տարակոյս ե՛ւ տարակարծութիւններու… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026