ԱՊՐԻԼ ՀԱՆԴԵՐՁ ՔԱՂՑԿԵՂԻՆ ԵՒ ԸՆԴԴԷՄ ԱՆՈՐ

«Եւ ահա ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը».
(Մատթէոս 28, 20)։

Երբեմն բաւական է քանի մը բառ, որպէսզի ամբողջ կեանք մը գլխիվայր շրջուի։ Քաղցկեղի ախտաճանաչումը այդ պահերէն մէկն է, երբ ժամանակը կարծես յանկարծ կանգ կ՚առնէ։ Այն, ինչ որ երէկ բնական եւ ապահով կը նկատէինք, անորոշ կը դառնայ, մեր ծրագիրները նոր իմաստ կը ստանան եւ կեանքին հանդէպ մեր հայեացքը խորապէս կը փոխուի։ Այդ պահուն կը գիտակցինք, թէ որքա՜ն թանկագին է կեանքը եւ թէ որքա՜ն կարեւոր են այն կապերը, որոնք մեզ կը միացնեն մեր սիրելիներուն։

Աստուծոյ հանդէպ հաւատքս եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ վստահութիւնս խորապէս արմատացած կը մնան մէջս։ Կը հաւատամ Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին։ Սակայն չեմ ուզեր ձեւացնել, թէ այս հաւատքը զիս կը պաշտպանէ բոլոր վախերէն։ Հարցումներ կ՚ունենամ, երբեմն կը տարակուսիմ եւ, մանաւանդ՝ կը վախնամ։ Որովհետեւ հաւատալ չի նշանակեր դադրիլ մարդ ըլլալէ։

Կը հաւատամ յաւիտենական կեանքին, բայց այս երկրային կեանքը խորապէս կը սիրեմ։ Չեմ վախնար հաւատալէ, բայց կը վախնամ կորսնցնելէ։ Կը վախնամ այլեւս չըլլալ կնոջս քով, որուն հետ շուտով ամուսնութեան քսանհինգ տարիները պիտի բոլորենք։ Քառորդ դար մը՝ լի յիշատակներով, ուրախութիւններով, փորձութիւններով եւ միասին կառուցուած ծրագիրներով։ Ան իմ կեանքի ընկերուհիս է. այն անձը, որուն հետ տակաւին կ՚ուզեմ մեր պատմութեան բազմաթիւ նոր էջեր գրել։ Անոր ներկայութիւնը, սէրը եւ միասին անցած մեր ճանապարհը անգին ուժի աղբիւր են այս փորձութեան ընթացքին։

Եւ ապա՝ երեք զաւակներս։ Անոնց հանդէպ սէրս կը գերազանցէ այն ամէնը, ինչ որ բառերով կարելի չէ արտայայտել։ Կ՚ուզեմ տեսնել զանոնք մեծնալու ընթացքին, ընկերակցիլ անոնց իրենց ընտրութիւններուն մէջ, մասնակից ըլլալ անոնց յաջողութիւններուն եւ զօրավիգ կանգնիլ անոնց դժուարութիւններուն մէջ։ Կ՚ուզեմ շարունակել անոնց հայրը ըլլալ՝ ներկայ ըլլալով թէ՛ կեանքի մեծ հանգրուաններուն, թէ՛ առօրեայ փոքրիկ պահերուն։ Այն միտքը, թէ կրնամ չկարենալ բաժնեկցիլ անոնց հետ այն ամէնը, զոր տակաւին կը յուսամ ապրիլ, խորապէս կը յուզէ զիս։ Սակայն անոնց սէրը, ինչպէս նաեւ կնոջս սէրը, ինծի նաեւ հզօր պատճառ մը կու տան շարունակելու յառաջ երթալ։ Կ՚ուզեմ անոնց հետ անցուցած իւրաքանչիւր պահը լիովին ապրիլ եւ ցոյց տալ անոնց, թէ որքա՜ն կարեւոր են ինծի համար։

Կը մտածեմ նաեւ հօրս, եղբօրս եւ անոր ընտանիքին մասին։ Անոնք այն հարազատ կապերէն են, որոնք մեր կեանքին ամբողջ հարստութիւնը կու տան։ Հիւանդութիւնը ինծի կը յիշեցնէ, թէ որքա՜ն թանկագին են այս ներկայութիւնները, եւ թէ դժուար պահերուն որքա՜ն պէտք ունինք իրարու։

Եւ ապա՝ մայրս։

Ինչպէ՞ս չմտածել անոր մասին, երբ կը դիմագրաւեմ այն հիւանդութիւնը, որ խլեց զինք մեզմէ։ Ան նկարագրի տէր կին մըն էր, որուն մասին յաճախ կ՚ըսէինք, թէ «երկաթէ ձեռք մըն էր թաւշեայ ձեռնոցի մը մէջ»։ Վճռակամ, առատաձեռն եւ խորապէս բարի՝ ան շատ բան տուաւ իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն։ Սիրով կը կրկնէր ինծի, թէ իր «գունաւոր պատճէնն» էի, բայց՝ տղու կերպարանքով։ Արտայայտութիւն մը, որ տակաւին զիս կը ժպտեցնէ եւ ինծի կը յիշեցնէ, թէ իմ էութեանս մէկ մասը իրմէ կու գայ։

Անոր հեռանալը մեծ պարապութիւն մը ձգեց, յատկապէս հօրս կեանքին մէջ, որ ստիպուեցաւ շարունակել իր ճամբան՝ առանց այն կնոջ, որուն հետ այսքան երկար տարիներ բաժնած էր իր կեանքը։ Այսօր, ամէն բանէ առաջ, կ՚ուզեմ իմ մէջս վառ պահել անոր քաջութեան, քնքշութեան եւ մեզի փոխանցած բոլոր արժէքներուն յիշատակը։ Անոր յիշատակը կը յանձնեմ Աստուծոյ՝ քրիստոնէական վերամիաւորման յոյսով։

Այս հիւանդութեան դիմաց հարցումները շատ են։ Ինչո՞ւ այս փորձութիւնը։ Ինչո՞ւ հիմա։ Ինչո՞ւ մայրս՝ ինձմէ առաջ։ Չեմ յաւակնիր պատասխանները ունենալ։ Պարզապէս կը հաւատամ, որ կարելի է սիրել Աստուած, վստահիլ Անոր եւ միեւնոյն ժամանակ չհասկնալ, թէ ինչո՛ւ այս բոլորը կը պատահին մեզի։ Հաւատքը հարցումներու բացակայութիւնը չէ. ան նաեւ այն քաջութիւնն է, որով կը շարունակենք դառնալ դէպի Աստուած, նոյնիսկ երբ մեր հարցումները անպատասխան կը մնան։

Մատթէոսի Աւետարանէն հատուած մը յատկապէս կը յուզէ զիս։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Յիսուս կը զգայ այն տագնապը, որ կը պատճառէ Իրեն սպասող չարչարանքներուն գիտակցութիւնը։ «Հոգիս տրտում է մինչեւ մահ» (Մատթէոս 26, 38), կ՚ըսէ Ան Իր աշակերտներուն։ Ապա կը խնդրէ Իր Հօրմէն, որ այս բաժակը հեռացնէ Իրմէ, բայց վերջապէս ինքզինք կը յանձնէ Անոր կամքին (Մատթէոս 26, 39)։

Այս տեսարանը խորապէս կը յուզէ զիս։ Քրիստոս Ինք եւս չծածկեց Իր տագնապը։ Ան մեզի ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնն ու մարդկային վախը կրնան միասին գոյակցիլ։ Ուրեմն, վախնալը հաւատքի պակաս չի նշանակեր։ Լալը, հարցումներ տալը եւ երբեմն այլեւս չհասկնալը չեն նշանակեր, թէ մենք կը հեռանանք Աստուծմէ։

Աստուած միշտ չէ, որ կը խոստանայ մեզ զերծ պահել փոթորիկներէն, բայց կը վստահեցնէ մեզի, թէ անոնց իսկ սրտին մէջ ներկայ է։ Այս համոզումը չի վերացներ տառապանքը, սակայն կը յիշեցնէ մեզի, թէ երբեք առանձին չենք անոր դիմագրաւելու ընթացքին։

Յիսուս նաեւ այս հրաւէրը կ՚ուղղէ մեզի. «Եկէ՛ք ինծի, դուք բոլորդ, որ աշխատած եւ բեռնաւորուած էք, եւ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ». (Մատթէոս 11, 28)։ Այս խօսքերուն մէջ մխիթարութիւն կը գտնեմ եւ յիշեցում մը. մենք երբեք պարտաւոր չենք մեր բեռները առանձին կրելու։

Յոյսս ամէն բանէ առաջ կը հիմնուի Քրիստոսի Յարութեան վրայ։ Սուրբ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ, թէ ոչինչ՝ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, պիտի կարենայ մեզ բաժնել Աստուծոյ այն սէրէն, որ յայտնուած է Յիսուս Քրիստոսով (Հռոմայեցիս 8, 38-39)։ Այս խոստումը չի ջնջեր ո՛չ մտահոգութիւններս, ո՛չ ալ վախերս, բայց խոր իմաստ մը կու տայ յոյսիս։

Ասիկա, անշուշտ, չի խանգարեր զիս, որ բժշկուիմ, հետեւիմ անհրաժեշտ դարմանումներուն եւ լսեմ բժիշկներուս խորհուրդները։ Հաւատքը բժշկութիւնը չի փոխարիներ. ան ինծի ներքին ուժ կու տայ այս փորձութիւնը դիմագրաւելու համար։

Քաղցկեղին հետ ապրիլ կը նշանակէ սորվիլ հաշտուիլ իրականութեան մը հետ, որ մենք չենք ընտրած։ Քաղցկեղին հակառակ ապրիլ կը նշանակէ մերժել թոյլ տալ, որ ան մեր ամբողջ գոյութիւնը սահմանէ։ Ասիկա չի նշանակեր ամէն օր քաջ ըլլալ կամ ձեւացնել, թէ ամէն ինչ լաւ է։ Կը նշանակէ շարունակել սիրել, ժպտիլ, բաժնեկցիլ եւ ընդունիլ ուրախութիւնները՝ նոյնիսկ անորոշութեան մէջ։

Չեմ գիտեր, թէ ապագան ի՛նչ վերապահած է ինծի, բայց չեմ ուզեր թոյլ տալ, որ այս անորոշութիւնը ձեռքէս խլէ ներկան։ Կ՚ուզեմ շարունակել սիրել կինս, ընկերակցիլ զաւակներուս, վայելել ընտանիքիս ներկայութիւնը, ծրագիրներ կազմել եւ լիովին ճաշակել այն պահերը, զորս երբեմն հակամէտ ենք բնական եւ ապահով նկատելու։

Կ՚ուզեմ նաեւ փոխանցել իմ սիրելիներուս այն ամէնը, ինչ որ կեանքը ինծի սորվեցուցած է՝ ուժը, քնքշութիւնը եւ երբեք յոյսը չկորսնցնելու կարեւորութիւնը։ Չեմ փորձեր համոզել կամ դասեր տալ։ Պարզապէս կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ այն ամէնով, ինչ որ կը կրէ սիրտս, յուսալով, որ այս քանի մը խորհրդածութիւնները կրնան մխիթարութեան փոքրիկ լոյս մը բերել անոնց, որոնք նոյնանման փորձութենէ մը կ՚անցնին։

Չեմ գիտեր, թէ վաղը ի՛նչ պիտի բերէ ինծի։ Չեմ կրնար անտեսել վախերս ու հարցումներս, բայց գիտեմ, թէ ինչո՛ւ կ՚ուզեմ շարունակել ապրիլ եւ Որո՛ւ մէջ կը դնեմ յոյսս։

Կ՚ուզեմ շարունակել սիրել, ընկերակցիլ զաւակներուս, բաժնեկցիլ կնոջս կեանքը եւ վայելել ինծի սիրելի բոլոր անձերուն ներկայութիւնը։ Տակաւին կ՚ուզեմ ծրագիրներ կազմել, ժպտիլ եւ ընդունիլ այն ուրախութիւնները, զորս կեանքը պիտի փափաքի ինծի պարգեւել։

Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքս ինծի կը յիշեցնէ, թէ նոյնիսկ երբ մեր երկրային ճամբան անորոշ կը դառնայ, Յարութեան խոստումը կը մնայ անխախտ։

Քաղցկեղը կրնայ տակնուվրայ ընել կեանքս, բայց ան պիտի չըլլայ իմ պատմութեանս վերջին խօսքը։ Վերջին խօսքը կը պատկանի Աստուծոյ սիրոյն եւ Յարութեան խոստումին։

Ալէլուիա՜։

ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ֆրանսա

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026