ԵՐԵՒԱՆ-ՊԵՐԼԻՆ ՆՈՐ ԹԱՓՈՎ ԿԱՊԵՐ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւան։ Եոհան Վատեֆուլ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հիւրն էր, օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Եոհան Վատեֆուլի այցելութիւնը Հայաստան եւ ընդգծեց Երեւան-Պերլին յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը։ Վարչապետը շեշտեց Գերմանիոյ աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ։ Փաշինեանի խօսքով՝ Գերմանիա՝ որպէս Եւրոմիութեան անդամ, Հայաստանի առանցքային գործընկերներէն մին է եւ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը կը կրէ աշխոյժ ու պարբերական բնոյթ։
Իր կարգին, հիւր նախարարը ընդգծեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն զարգացնելու Գերմանիոյ պատրաստակամութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց իր երկրի կառավարութեան աջակցութիւնը՝ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման ուղղութեամբ։ Եոհան Վատեֆուլ կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը՝ համոզուած ըլլալով, թէ ձեւաւորուած շինիչ մթնոլորտը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային կապերու խթանման եւ համագործակցութեան զարգացման։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Հայաստան-Գերմանիա զանազան ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ կանաչ ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութեան զարգացումը։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու խթանման, Հայաստանի տնտեսական զանազանութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։
Վարչապետը եւ հիւր նախարարը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն եւ այժմու գործընթացներուն կապակցութեամբ։
Եոհան Վատեֆուլ Հայաստան այցելութեան ընդառաջ յայտարարեց, որ մեծ ցանկութիւն ունի, որպէսզի ստորագրուած տեսնէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը։ Վատեֆուլ ընդգծեց նաեւ, որ Ռուսաստան կը ջանայ իր ազդեցութիւնը պահել Հարաւային Կովկասի վրայ։ Յամենայնդէպս, ան համոզուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ապագան պէտք չէ որոշուի Ռուսաստանի կողմէ։