ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽԱՏԻԼ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը կ՚աշխատի եւ կը բանակցի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ Հայաստանի խնդիրը խաղաղութիւն հաստատելն է առաջին հերթին իր հարեւաններուն հետ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ընթացքին: Այս փուլին ան յայտնեց, որ հարեւաններու հետ շփումները ներքին քաղաքական մեղադրանքի առարկայ դարձնելու մօտեցումը անընդունելի է: «Մենք խաղաղութեան մասին քննարկած ենք բոլոր երկիրներուն հետ, բայց, այն տարբերակը, որուն հետ պէտք է խաղաղութիւնը հաստատենք, մեր գործընթացներէն դուրս էր: Ընդհակառակն՝ իր հետ նոյնիսկ շփուիլը եղած է խնդիր», ըսաւ Փաշինեան` ընդգծելով, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը Հայաստանի անմիջական միջավայրէն ներս խաղաղութիւն ապահովելն է: «Մենք բաց թողած ենք կարեւոր նրբութիւն մը, թէ մեր խնդիրը խաղաղութիւն հաստատելն է մեր միջավայրին հետ՝ Ատրպէյճանի հետ, Թուրքիոյ հետ», ըսաւ ան:
Իր յայտարարութիւններուն մէջ, վարչապետը կոչ ուղղեց իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որպէսզի չտրուին այնպիսի բանավէճերու, որոնց ընթացքին կողմերը զիրար կը մեղադրեն Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հետ կապեր ունենալու համար: «Մենք, այո՛, կը խօսինք, կ՚աշխատինք, կը բանակցինք, կը քննարկենք Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ հետ, մեր հարեւաններու հետ առաջին հերթին, որովհետեւ խաղաղութիւնը իրենց հետ պէտք է հաստատենք: Որեւէ տեղ տաղանդ պէտք չէ գտնել եւ ըսել, որ Նոր Զելանտայի հետ անշրջելի եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատել կը ձգտինք», աւելցուց ան: Ըստ վարչապետին՝ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ այդ քաղաքականութիւնը՝ անկախ քննադատութիւններէն:
«Մենք կ՚ընթանանք անշրջելի խաղաղութեան Ատրպէյճանի հետ, Թուրքիոյ հետ եւ մեր միջավայրին հետ: Եւ, այո՛, եթէ այդտեղ մարդիկ մեղադրանք կը տեսնեն, թող մեզ մեղադրեն. մենք Ատրպէյճանի հետ կ՚աշխատինք», դիտել տուաւ վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ յիշեցուց, որ Հայաստան անցեալի մէջ դէպի Թուրքիա ելեկտրական ուժանիւթ արտահանած է միջնորդաւորուած եղանակով: Իր խօսքով՝ կառավարութիւնը կը փափաքի նման տնտեսական կապերը իրականացնել ուղիղ: Արդարեւ, Թուրքիոյ հետ տնտեսական առնչութիւններ նախապէս ալ եղած են, սակայն, անոնց մասին հրապարակաւ չէ խօսուած: «Եթէ նախորդ շրջանին փորձենք նայիլ՝ Հայաստանէն ելեկտրական ուժանիւթ ի՞նչ ուղղութիւններով արտահանուած է, ապա սա անուղղակի է, միջնորդաւորուած՝ դէպի Թուրքիա շատ ելեկտրական ուժանիւթ արտահանուած է: Այս մասին չէ ըսուած։ Ինչո՞ւ չէ ըսուած, որովհետեւ միջնորդաւորուած եղած է արտահանումը», աւելցուց վարչապետը, որ ընդգծեց, թէ կառավարութիւնը կը նախընտրէ ուղիղ տնտեսական յարաբերութիւններ:
«Հիմա մենք կ՚ուզենք, որ ուղիղ այդ ամէնը՝ ինչ տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ սա է բնականոնը», աւելցուց ան:
Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն: Ան համոզուած է, թէ համբերատարութեամբ պէտք է մօտենալ Ատրպէյճանի հետ երկխօսութեան վերաբերեալ հարցերուն: «Որեւէ բան չենք զիջած եւ որեւէ բան պիտի չզիջինք», ընդգծեց վարչապետը՝ աւելցնելով, որ խաղաղութիւնը անշրջելի դարձնելու համար անհրաժեշտ է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին օրակարգի վրայ եկած զանազան խնդիրներու՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի հետ ընդհանուր գետերու օգտագործման կանոններու քննարկումը անհրաժեշտ է:
Վարչապետը հերթական անգամ անդրադարձաւ նաեւ սահմանազատման գործընթացին: Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի հարաւի հատուածէն սահմանազատումը կը համարուի TRIPP նախագծի իրագործման տեսակէտէ կարեւոր հանգրուաններէն մին: «Ատրպէյճանի հետ TRIPP-ի թեքնիք համաձայնեցումները անհրաժեշտ են՝ երկու երկիրներու երկաթուղիները իրարու միացնելու առումով», ընդգծեց վարչապետը:
Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան խօսեցաւ Հայաստանի համար նոր սահմանադրութեան մը մշակման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ: Ան հերքեց ընդդիմութեան պնդումը, թէ նոր սահմանադրութեան օրակարգը Ատրպէյճանի պահանջով պայմանաւորուած է: Իր խօսքով՝ նոր սահմանադրութեան մը ընդունումէն յետոյ կրնան ըլլալ երաշխիքներ՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ վաւերացման ուղղութեամբ: Ուստի, վարչապետը ընդգծեց, որ նոր սահմանադրութեան համար նախատեսուած հանրաքուէին ժամանակ կ՚ակնկալէ մեծամասնութեան աջակցութիւնը: