ՏՈԿՈՍԸ

Մի քանի ժամեր առաջ դրամատուն մը նամակի ճամբով տոկոսով գումար վերցնելու առաջարկ կատարեց եւ բնականաբար սկսանք մտածել «տոկոս»ի ինչութեան մասին։ Տարօրինակ չէ՞, որ հազարամեակներ առաջ՝ երբ տակաւին մարդկային քաղաքակրթութիւնը զարգացած չէր, գոյութիւն ունէր տոկոսը՝ գրեթէ իր մերօրեայ վիճակով։ Հին կտակարանի էջերուն մէջ կարելի է բազմաթի՜ւ տողեր գտնել տոկոսի մասին։ Այնպէս ինչպէս այսօր, տոկոսը մարդիկը նիւթական նեղ վիճակէն դուրս բերելու փոխարէն՝ շատ անգամ աւելի վատ կացութեան կը մատնէ։ Նոյնն էր պարագան նաեւ անցեալին եւ գուցէ այս խօսքին լաւագոյն վկան Ելից գիրքի հետեւեալ խօսքն է. «Եւ եթէ արծաթ փոխ տայցես եղբօր քում որ աղքատ իցէ առ քեզ, մի՛ ճեպեսցես զնա, եւ մի՛ արկանիցես նմա տոկոսիս» (Ելք 22:25): Եղբայրէն, հարազատէն ու աղքատէն տոկոս չվերցնելու մասին կը խօսուի այստեղ։ Նոյն այս գաղափարը կարելի է գտնել նաեւ այլ գլուխներու մէջ։ Աւելի՛ն, հոգեւոր առումով Աստուածաշունչը նոյնիսկ կ՚արգիլէ տոկոսը եւ այդ մէկը մեղք կը նկատէ: Սակայն, յօդուածին հիմնական բարձրացուցած հարցումը հետեւեալն է. անցեալի տոկոսը մերօրեայ տոկոսէն կը տարբերի՞: 

Շատ մը ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ տոկոսի պատմական անցեալը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը։ Անշուշտ, հին ժամանակ տոկոսը մերօրեայ դրամատնային համակարգը չէ ունեցած, եղած է շատ աւելի նեղ շրջանակի մէջ։ Տոկոսը սկիզբ առած է դրացիներու եւ բարեկամներու միջեւ. ունեւոր մը իր արտը, իր կովերն ու ոչխարները տուած է ուրիշին՝ որպէսզի շահագործէ, սակայն, այդ շահագործման դիմաց պահանջած է իր շահը. օրինակի համար, պահանջած է արտէն դուրս եկած բերքի քսան տոկոսը։ Դրամի գիւտէն իսկ առաջ տոկոսը իր որոշ երեւոյթներով մարդկային կեանքին մէկ մասը եղած է։ Ուսումնասիրողներ ուսումնասիրած են շումերէնի մէջ «տոկոս» բառի ծագումնաբանութիւնը եւ յայտնաբերած՝ որ ան իր մէջ որպէս արմատ ունի «հորթ» բառը։ Այլ լեզուներու մէջ եւս տոկոս բառը որոշ ձեւով կենդանիներու հետ առնչութիւն ունի: 

Վարկի եւ տոկոսի մասին ամենէն հին արձանագրութիւնները յայտնաբերուած են Ք.Ա. 3000 թուականներուն։ Տարօրինակ է, սակայն, սկզբնական շրջանին տաճարը ի՛նք վարկ կու տար իր ժողովուրդին եւ կը կատարէր դրամատան պարտականութիւնը։ Վարկը, անշուշտ, գումար չէր. տաճարը կու տար հացահատիկ եւ կամ անասուն եւ կը գործէր վարկի պայմաններ. գոյութիւն ունէր տոկոսի առաւելագոյն չափ ու սահման: Անշուշտ, ժամանակի ընթացքին, մարդկութեան քաղաքակրթութեան զարգացման հետ տոկոսի գաղափարը եւս իր զարգացումը ապրեցաւ եւ սկսաւ մուտք գործել օրէնքի դաշտ։ Օրինակի համար, Ք.Ա. 1800-ական թուականներուն գրուած Համուրապիի օրէնքներուն մէջ տոկոսի մասին որոշ օրէնքներ գոյութիւն ունին. ինչպէս՝ հացահատիկի տոկոսը քսան տոկոսը չի կրնար գերազանցել, եւ այլն: 

Պատմութեան էջերէն կը տեղեկանանք, որ մարդիկ իրենց վարկերուն ու չվճարած տոկոսներուն դիմաց ստրկութիւն կ՚ապրէին։ Ք.Ա. 640-560 թուականներուն ապրած հին Յունաստանի յայտնի կառավարիչներէն Սոլոն արգիլած էր տոկոսի դիմաց ստրկութիւնը։ Այդ ժամանակներուն տոկոսը կը գործէր այնպէս՝ ինչպէս այսօր։ Օրինակի համար, աղքատ գիւղացին մեծահարուստէն հող կը վերցնէր՝ մշակելու համար, եթէ չի կարենար տոկոսը վճարել, ապա հողը կը կորսնցնէր եւ շատ պարագաներու ստիպուած կ՚ըլլար իր պարտքը ստրկութեամբ վճարել։ Կարգ մը պարտապաններ նոյնիսկ իրենց ստրուկները կը ծախէին՝ իրենց տոկոսի շահը ստանալու համար։ Սոլոն արգիլեց տոկոսը սեփական անձով վճարելը։ Հռոմի մէջ եւս տոկոսները այնքան մեծ թշուառութիւններ յառաջացուցին, որ Ք.Ա. 450 թուականին օրէնքով որոշուեցաւ տոկոսի առաւելագոյն չափը դարձնել 8 տոկոս: 

Այսօր յաճախ կը բողոքենք, որ 20-25 տոկոսով վարկերը արդար չեն, սակայն, պատմութեան ընթացքին եղած են մինչեւ իսկ 48-ի հասնող տոկոսներ։ Աւելի՛ն, հին Յունաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած էր օրական 25 տոկոսի չափանիշը: 

Հին կտակարանէն կը տեղեկանանք, թէ անցեալին մարդիկ տոկոսի դիմաց կը վերցնէին գրեթէ ամէ՛ն ինչ։ Օրինակի համար, Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք. «Եւ եթէ գրաւեսցես զբաճկոն ընկերի քո, նախ քան զմտանել արեւու դարձուսցես անդրէն». մարդ իր հագուստը՝ իր բաճկոնը տոկոսի դիմաց կու տար պարտապանին: 

Այսօր մարդ իր հագուստը չի տար, սակայն, աշխարհը նոյն անարդարութեամբ կը գործէ։ Տոկոս ստացողը մեծահարուստն է, մեծահարուստը առանց տոկոսներու իսկ կրնայ բարեկեցիկ կեանք մը ունենալ, սակայն, աւելիին տիրանալու հիւանդութիւնը վերջ չունի։ Տոկոսի շնորհիւ հարուստը օր օրի աւելի կը հարստանայ, իսկ աղքատը աւելի կը թշուառանայ։ Անշուշտ, միշտ վարկը եւ տոկոսը բացասական չէ։ Ճիշդ ձեւով եւ ճիշդ տեղին կրնայ մեծ բարիք դառնալ մարդուն համար։ Հին ժամանակ մարդիկ տոկոս կը վերցնէին՝ իրենց օրուան հացը վաստակելու համար. արտ մշակել, կենդանիները արածել, անոր ձագերը մեծցնել, սակայն, մեր օրերուն վիճակը տարբեր է։ Դրամատուները կ՚ուզեն ամէ՛ն գնով տոկոսով գումար տալ՝ որովհետեւ շատ գումար ունին եւ կ՚ուզեն ձեւով մը այդ գումարը աշխատի։ Այդ մեծահարուստները իրենց ունեցածին մէկ-երկու տոկոսը հազիւ գործածեն իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, սակայն, յաջողութիւն կը նկատեն այդ գումարը անդադար աճի մէջ ապրիլը՝ աղքատ ու միջին դասակարգի պատկանող ժողովուրդի հաշւոյն։ Այսօր մեր հայրենիքի մէջ գրեթէ բոլորը ծանրաբեռնուած են վարկերու եւ տոկոսներու տակ եւ կարծես տեղ մը այս իրավիճակը քաղաքական իշխանութիւնը կը «գոհացնէ», որովհետեւ վարկով տարուած մարդը քաղաքականութենէն հեռու իր աշխատանքով, իր հարցերով կը զբաղի, սակայն, վիճակը կարծուածին չափ անմեղ չէ։ Շատեր իրենց տունն ու տեղը կը կորսնցնեն, անօթեւան ու անտուն կը դառնան՝ որպէսզի դրամատունը սեփականացնէ այն տունը՝ որուն կարիքը ընդհանրապէս չունի: 

Հին ժամանակ, մարդիկ տոկոսով գումար տուողը գողէն աւելի վտանգաւոր կը նկատէին, որովհետեւ գողը մէկ անգամ կը գողնայ ու կ՚երթայ, մինչ տոկոսով գումար տուողը այդտեղ է ամէ՛ն ամիս եւ գրեթէ ամէ՛ն օր… Այդ իսկ պատճառով ամենէն լաւ առաջարկը Շէյքսփիրը ունի. «Ո՛չ փոխառու եղիր եւ ոչ փոխատու»:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայրենիքին լաւ կը ծառայէ այն գրագէտը, որ ապրող երկ մը կը թողու ետին, այդ երկը իր ազգակիցներուն համար նպաստաւոր ըլլայ, թէ աննպաստ:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2026