ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ «G20»Ի ՄԱՅԱՄԻԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստան հրաւէր ստացած է մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G20) յառաջիկայ գագաթաժողովին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Մայամիի մէջ: Դեկտեմբեր 14-15-ին նախատեսուած գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են նաեւ՝ Ատրպէյճանը, Ֆինլանտիան, Իրլանտան, Ղազախիստանը, Հոլանտան, Նորվեկիան, Քաթարը, Սինկափուրը, Սպանիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Էօզպեքիստանն ու Վիեթնամը: 

«G20»ի անդամ երկիրներն են՝ Արժանթին, Աւստրալիա, Պրազիլ, Գանատա, Չինաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Հնդկաստան, Էնտոնեզիա, Իտալիա, Ճաբոն, Մեքսիքա, Լեհաստան, Ռուսաստան, Սէուտական Արաբիա, Հարաւային Քորէա, Թուրքիա, Անգլիա եւ ԱՄՆ: 

«G20»ի յառաջիկայ գագաթաժողովին պիտի մասնկացին նաեւ Ափրիկեան Միութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը: 

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի «G20»ի գագաթաժողովին: «Մեծ պատիւ է այդպիսի հրաւէր մը ստացած ըլլալը եւ, բնականաբար, այո՛, ես պիտի մասնակցիմ», յայտնեց վարչապետը լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2026