ՎԵՐՍՏԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի.- Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել». (ՅՈՎՀ. Գ 3)։

Եթէ Աստուածաշունչ մատեանը «սխալ» ըլլար, պատճառ մը չկայ, որ շարունակ մէկ օրը սուրբ պահենք, հարկ չկայ, որ Եկեղեցին սրբավայր սեպենք եւ մեր «հաւատացեալ» ըլլալը վկայենք։ Արդարեւ, անբան անասուն կենդանիներէ առաւելութիւն մը չունինք՝ որոնք կը կորսուին, եւ լաւագոյն բանը, որ մարդ կրնայ ընել՝ ուտել, խմել եւ կեանքը ապրիլ, ինչպէս որ ինք կը հաճի։

Եթէ Սուրբ Գիրքը միայն «կէս ճշմարտութիւն» ըլլար, վստահութիւն եւ ապաւէն չունինք մեր յաւիտենական հոգի ունենալուն, այլապէս քրիստոնէութիւնը պարզապէս անորոշութեան, ենթադրութեան եւ կասկածի վիճակ մըն է, եւ երբեք չենք կրնար գիտնալ, թէ ի՛նչ բանի հաւատալու եւ վստահելու ենք, որպէս անհրաժեշտութիւն մը մեր ապահովութեան, անվտանգութեան եւ փրկութեան, երբեք չենք կրնար վստահ ըլլալ, թէ մենք յաւիտենական կեանքի խօսքերը գտած ենք։ Սուրբ Գիրքը մէկդի դիր, եւ դո՛ւն մազաչափ ապահովութիւն եւ վստահութիւն չունիս, որուն վրայ կրնաս կանգնիլ։

Կարելի է խորհիլ, երեւակայել եւ անձնական կարծիքը ունենալ, բայց կարելի չէ ցոյց տալ որեւէ գոհացուցիչ, համոզիչ փաստ մը կամ հեղինակութիւն մը՝ որ սխալը ճիշդ է։ Մարդ միայն իր անձնական դատողութեանը վրայ կը վստահի, գոցած է իր աչքերը, ինչպէս որ էր, եւ նման անձի մը՝ որ մութին մէջ կը կանգնի։ Ան ճշմարտապէս չի գիտեր, թէ ո՞ր ուղղութեամբ կը յառաջանայ։

Սակայն, եթէ Աստուածաշունչ մատեանը բո՛ւն ինքը՝ Աստուծոյ Խօսքն է եւ ամբողջապէս ճշմարիտ, եւ այդպէս է եւ կը փաստուի անհամար վկաներու վկայութիւններու կողմէ. եթէ Աստուածաշունչ մատեանը իրապէ՛ս ճշմարիտ է եւ միա՛կ ճամբան՝ դէպի երկինք եւ հաւատալի է անոր, վստահօրէն պէտք է պարտականութիւն ըլլայ իւրաքանչիւր իմաստուն եւ մտածող մարդու իր սրտին մէջ հաւատալու իւրաքանչիւր վարդապետութեան, որ ան կը պարունակէ, եւ անոր որեւէ բան չաւելցնէ եւ զգոյշ ըլլայ անկէ բան մը պակսեցնելէ։

Ուստի, կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ է սրտի փոփոխութիւնը, քանի որ ամէն մարդ կը ծնի մեղքի բնութեան մէջ՝ սկզբնական մեղքի պատճառով։ Բոլորս առաջին Ադամէն ժառանգեցինք մեղքը եւ երկրորդ Ադամէն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ թողութիւն եւ փրկութիւն ստացանք։

Մարդիկ կրնան իմաստուն ըլլալ եւ գիտնալ աշխարհիկ շա՜տ բաներ, կրնան հանճարեղ ըլլալ եւ գիտնալ ժամանակաւոր բաներ, սակայն, երբ հոգեւոր-կրօնական հարցեր քննելու ըլլան՝ իրենց տրամաբանութիւնը կը կուրնայ։ Մենք բնութեամբ մեղքով ծնած՝ չենք տրամադրեր մենք զմեզ զԱստուած փառաբանելու, գոհութիւն յայտնելու, հաճոյք չենք առներ իրարու հետ հոգեւոր խօսակցութիւն ընելէ։ Այս աշխարհի մտահոգութիւնները շատ շա՜տ աւելի մեզ եւ մեր խորհուրդները եւ զբաղումները գրաւած են եւ կաշկանդա՛ծ։ Բայց «մարմինէն ծնածը մարմի՛ն է»։ Այս բոլորը կու գան մարմնաւոր ե՛ւ մեղաւոր մտքէն։ Ուստի, ակնկալուած դարմանը՝ մարդկային բնութեան փոփոխութի՛ւնն է։

«Վերստին ծնանիլ». փոփոխութիւն մըն է, խորհուրդ մը՝ որ կրկին կը վերագտնենք մասնիկ մը Աստուածային բնութենէն՝ որով Աստուծոյ պատկերին կը կերպարանափոխուինք։ Կատարեալ վերափոխումը եւ նորոգութիւնն է ներքին մարդուն, եւ ո՛չինչ կրնայ ցոյց տալ անոր լրումը եւ կարեւորութիւնը՝ քան այն, ի՛նչ որ Յիսուս կը նկարագրէ. Ան կը կոչէ «Վերստին» կամ «Նոր Ծնունդ»։ Բոլորս ծնած ենք որպէս մարմնաւոր մարդիկ։ Բայց կարեւորը՝ ծնա՞ծ ենք որպէս ճշմարիտ հաւատացեալ, որպէս հոգեւոր մարդ։ Մէկ անգամ ծնած ենք Ադամի սերմով, բայց վա՜յ մեզի, եթէ երկրորդ անգամ չենք ծնած Աստուծոյ սերմէն։

Արդարեւ, մենք ծնած ենք, դարձեալ ծնանելու Սուրբ Հոգիէն։

Երկրային ծնունդ ենք, պէ՛տք է ունենանք նաեւ երկնային ծնունդ։ Մենք ապականացու սերմէն ծնած ենք, պէ՛տք է նաեւ ծնանինք անապականացումէն։ Մեր բնական ծնունդը երբեք անհրաժեշտ չէ մեր մարմնաւոր կեանքին, որքան՝ մեր հոգեւոր ծնունդը՝ հոգեւոր կեանքին համար։ «Վերստին ծնանիլ» կը նշանակէ նոր գոյութեան մը մտենլ. նոր միտք եւ նոր սիրտ ունենալ, նոր տեսակէտներ, նոր սկզբունքներ, նոր ճաշակ, նոր սէր, նոր վախ, եւ մէկ խօսքով՝ նոր Կեա՛նք… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2026