ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԾԱՅՄԱՆ ՏՕՆԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Շաբաթավերջին, Ընծայման տօնին առթիւ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Արարողութեան ընթացքին բազմաթիւ ուխտաւորներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած Պէյքոզի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով աւարտին հասաւ հաւաքոյթը, որմէ արձակուելու ժամանակ բոլորը մաղթեցին, որ Պէյքոզի գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը մնայ վառ։