ԼԵՒՈՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան 21-րդ համագումարը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համագումարի ընթացքին կատարուած ընտրութեամբ ձեւաւորուեցաւ միութեան վարչութեան նոր կազմը, որ կը գլխաւորուի Լեւոն Աբրահամեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նորընտիր նախագահ Լեւոն Աբրահամեան վերջին ութ տարիներուն արդէն կը զբաղեցնէր փոխ-նախագահի պաշտօնը։ 

Հայաստանի Նկարիչներու միութեան այժմ արդէն նախկին նախագահ Սուրէն Սաֆարեան այս համագումարով վար դրաւ իր լիազօրութիւնները, արդարեւ, միութեան կանոնակարգը թոյլ չի տար, որ նոյն անձը երկու քառամեայ ժամկէտէ աւելի ղեկավարէ այս կառոյցը։ 

Լեւոն Աբրահամեան նախագահ ընտրուեցաւ երեք թեկնածուներու միջեւ տեղի ունեցած մրցակցութեան արդիւնքով։ Ան ստացաւ համագումարի մասնակից 439 պատուիրակի ձայնը։ Սուրէն Սաֆարեան համագումարի ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուց իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանի զեկոյցը։ «Ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին այն է, որ Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը այս տարիներու ընթացքին կարողացաւ ըլլալ համախմբուած, իր անդամներուն համար ստեղծեց հարթակներ, ուր նկարիչները կարողացան դրսեւորել իրենց ընդունակութիւնները եւ հանրահռչակել սեփական աշխատանքը», ըսաւ ան։ Նախկին նախագահը յիշեցուց, որ կազմակերպուած են զանազան ձեռնարկներ՝ ներառեալ միջազգային կամ յոբելենական բնոյթով ցուցահանդէսներ։ 

Սաֆարեան ելոյթին մէջ առանձնապէս կարեւորեց, որ միութեան պէտք է անդամակցին շատ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնց ներգրաւումը այս կառոյցի գործունէութեան տեսակէտէ անհրաժեշտութիւն է։ Ներկայիս Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը ունի 1311 անդամ եւ միայն 25-ը մինչեւ երեսուն տարեկան է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2026