ՏԱՍԸ ԲՈՐՈՏԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ

«Տասը հոգի չէի՞ն մաքրուողները. ո՞ւր են մնացեալ ինն հոգիները։ Բացի այս օտարականէն ուրիշ մէկը չգտնուեցա՞ւ, որ դառնար եւ փառք տար Աստուծոյ». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 17)։ Երբ կ՚աղօթենք, Աստուծմէ պէտք է իմաստութիւն խնդրենք, որպէսզի անդրադառնանք, որովհետեւ ամէն պարգեւ, ամէն շնորհք, ամէն բարիք Իրմէ կու գայ, եւ միայն Իրմէ եւ միշտ փառք տանք, գոհութիւն յայտնենք Անոր՝ շնորհակալութեան ոգիով, երախտագիտութեան զգացումով եւ գիտակցութեա՛մբ։ Արդարեւ, ամենազօրն Աստուած հրաշքներ կը գործէ մեր կեանքերուն մէջ, կը քաջալերէ, կը մխիթարէ, կը բժշկէ, կը զօրացնէ եւ կեանք կու տայ։

Այս ուղղութեամբ անտարբերութիւնը մարդս ապերախտութեան կ՚առաջնորդէ։ Իսկ ապերախտութիւնը ամենազզուելի, գարշելի վիճակ մըն է եւ ան ներհակ է ամէն բարոյագիտականութեան։

Արդարեւ, Սաղմոսերգուն կ՚երգէ.

«Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։ Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ եւ կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ, որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով եւ գթութիւնով, որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով եւ քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 1-5)։

Եւ ինչպէ՜ս չհաւատալ, ինչպէ՜ս անտարբեր մնալ եւ երախտագիտութեամբ չընդունիլ Անոր անհամար բարիքները…

Արդարեւ, «մանանեխի սերմի մանր հատի մը չափ ալ հաւատք ունենալ» բաւական է ամենէն մեծ գործերը կատարելու, քանի որ հաւատքը արդէն կ՚աճի եւ կը բազմանայ։

Հաւատքը կ՚արդիւնաւորէ, պտուղ կու տայ, երբ հաւատացեալը թոյլ տայ, որ Աստուած զինք մշակէ, որպէսզի շատ պտուղ բերէ եւ իր աշակերտը ըլլայ։ Երբ հաւատացեալը իր հաւատքը եւ բարի գործերը ցոյց տայ՝ զԱստուած փառաւորած կ՚ըլլայ։

Համոզումին եւ հաւատքին տարբերութիւնը աթոռի վրայ նստելու եւ քալելու միջեւ եղած տարբերութիւնն է։

Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհները ձեզի առատօրէն տալու, որպէսզի ամէն բանի մէջ, ամէն ատեն, բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով, ամէն բարի գործերով առատանաք». (Բ ԿՈՐՆԹ. Թ 8)։

Յիսուս տասը բորոտներ բժշկեց, բայց անոնցմէ միայն մէկը շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր՝ որ ամենակարողն է բժշկելու ամէն հիւանդութիւն։ Արդարեւ, ա՛ն է իմաստունը, որ կ՚անդրադառնայ իրեն կատարուած բարիքը եւ երբեք անտարբեր չի մնար եւ ապերախտութեամբ չի վարուիր Բարեգործին հանդէպ։ Ուստի, չնմանինք այն ինն բժշկուած բորոտներուն, որոնք զլացան փառք եւ գոհութիւն մատուցանել զիրենք մաքրող Բժիշկին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի։ Կարելի՞ է ընդունիլ անհամար հրաշագործ բարիքներ, բժշկութիւն եւ ուրիշ պարգեւներ եւ անտարբեր մնալ անոնց հանդէպ եւ ապերախտութեամբ փոխադարձել զանոնք։

Աստուած թող իմաստութիւն տայ մեզի, որ Իր անհամար բարիքներուն համար Փառք տանք եւ գոհութիւն յայտնենք Իրեն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2026