ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ կառավարութեան նիստին առաջարկ ներկայացուց ընդդիմութեան։ Այդ առաջարկը, ընդհանուր առմամբ, իր պաշտօնավարման աւարտի պատկերացումին մասին է եւ ունի երկու հաւանական տարբերակ։
Առաջին. եթէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը հանրաքուէով մերժուի, ապա անձամբ ինք հրաժարական պիտի տայ վարչապետի պաշտօնէն։ Իսկ եթէ ընդունուի, ապա յառաջիկայ ընտրութիւններուն ինք պիտի չառաջադրուի՝ իբրեւ վարչապետի թեկնածու։
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը այսպէսով գերնպատակի մը կը վերածուի այսօրուան իշխանական մեծամասնական ուժին համար։ Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ այս ամբողջ իշխանափոխութիւնը, նոր ուժի յայտնութիւնը, քաղաքականութեան արմատական փոփոխութեան վերջին փուլը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է։
Այն վերագրումները, ածականներն ու բնութագրումները, որոնք վարչապետը կ՚արտայայտէ այսօրուան Սահմանադրութեան մասին, կը մատնեն զայն անպայման փոխելու բացարձակ որոշումը։ Կեղծուած, ընտրակաշառքներու կողմէ հրամցուած, հակապետական կոչերով իրաւական գերագոյն փաստաթուղթը՝ վարչապետը պահ մը կը մոռնայ պաշտօնի ստանձնման պահուն իր կատարած երդումը. «Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ զարգացման՝ կ՚երդուեմ բարեխղճօրէն կատարել կառավարութեան անդամի պարտականութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, ծառայել հանրային շահուն, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան եւ սահմանադրական կարգի ամրապնդման եւ գործել ի շահ ներկայ ու ապագայ սերունդներու»։
Պէտք չկայ տրուած երդումին եւ այսօրուան յայտարարութիւններուն ու առնուած քայլերուն միջեւ հսկայական հակասութիւնները ընդգծելու։
Կատարուած առաջարկը, նոյնիսկ պաշտօնէ հրաժարումի խոստումով իրականացնելու հրապարակային յանձնառութիւնը, եթէ պահ մը ընդունինք, որ հաւաստի է, ապա կը մտածենք առաքելութեան մը աւարտի այս ձեւով ազդարարման մասին։ Դեր մը կատարած ըլլալու, Հարաւային Կովկասի քարտէսին վրայ կարեւոր կէտ մը մէկ ազդեցութենէն միւսը փոխանցած ըլլալու իրողութեան մասին՝ եթէ ընդունինք այն տեսութիւնը, թէ այս բոլորը միայն Հայաստանի ներքին գործընթացներ չեն։
Առաջարկը ամբողջ սահմանադրական մեծամասնութիւն մը ապահովելու մասին է, փոխարէնը խոստանալով պաշտօնէ հեռացում։ Գերնպատակը ո՛չ թէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է, այլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նախապայմանի ընդառաջումը, արգելակումի վերացումը։ Շարունակենք ընդունիլ, որ վարչապետը իրօք պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն երկու արդիւնքներու ալ պարագային. մէկը՝ անմիջականօրէն, իսկ միւսը՝ յառաջիկայ ընտրութիւններու նախաշեմին։ Սա չի նշանակեր, անշուշտ, քաղաքական վարքագծի փոփոխութիւն։ Եթէ կ՚ըսուի, որ «խօսքը անձամբ իր մասին է», ապա այդ կ՚ենթադրէ գլխաւոր դէմքի փոփոխութիւն, բայց ո՛չ քաղաքականութեան։
Պահ մը շրջանցելով դէմքի փոփոխութեան խնդիրը՝ յենինք ժողովրդային կամքէն կառչած մնալու սկզբունքին վրայ։ Այս իշխանութիւնները անվերջ կը խօսին ժողովուրդին անունով։ Նոյն ժողովուրդը վերջին ընտրութիւններուն իր կամքը արտայայտեց, գործող մեծամասնութեան չտալով այնքան քուէ, որպէսզի կարենայ փոխել Սահմանադրութիւնը։ Այսինքն, ժողովուրդը մերժեց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։ Հիմա առաջարկ կ՚ըլլայ գործարքով՝ «տուէք քուէ, ստացէք հրաժարական» առաջարկով՝ ընդդէմ ժողովուրդի կամքին։ Աւելի՛ն, հակառակ ընդդիմութեան կողմէ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու դիմումին՝ այս իշխանութիւնները մնացին կառչած արձանագրուած արդիւնքներէն եւ ստանձնեցին խորհրդարանական մեծամասնութեան հիման վրայ միանձնեայ կառավարութիւն կազմելու լիազօրութիւնները։
Վարչապետը կ՚ահազանգէր, որ եթէ սահմանադրական մեծամասնութիւն չունենայ իր իշխանութիւնը, ապա, ամսաթիւ նշելով, սեպտեմբերին Հայաստանին կը սպառնայ մեծ պատերազմ մը։ Հիմա կ՚ազդարարուի, որ եթէ չփոխուի Սահմանադրութիւնը, ապա չի կնքուիր խաղաղութեան պայմանագիրը, հետեւաբար, կը վերադառնայ պատերազմի ուրուականը։
Հիմա, ըստ էութեան, անձնապէս հեռանալու խոստումով վարչապետը կ՚առաջարկէ հեռացնել Անկախութեան հռչակագիրը Սահմանադրութենէն։ Առաջարկը ունի թաքուն բաժին մը, անշուշտ։ Եթէ խորհրդարանին մէջ քուէներու գործարք չկատարուի, կայ հանրային ճնշումի երկրորդ ծրագիրը։ Այդ ալ չյաջողելու պարագային, կայ արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու ընտրանքը։ Վարչապետին խոստումը՝ պաշտօնէն հեռանալու պարագային, կը փոխուի այդ տարբերակով։ Առաջարկը բացառապէս կը վերաբերի խորհրդարանական անհրաժեշտ քուէի գոյացման։ Եթէ ընդդիմութիւնը չմիանայ իշխանութեան՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար հանրաքուէ կազմակերպելու որոշումը ընդունելու համար, ապա կը վերանայ նաեւ հրաժարականի խոստումը։
Մինչ այդ, գերադասելին ժողովուրդին ընտրութիւններով արտայայտած կամքն է. չփոխե՛լ Սահմանադրութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի