Ուրբաթ 27, Նոյեմբեր 2026
1,4 ՄԻԼԻՈՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի գործերէն մին աճուրդի արդիւնքով վաճառուեցաւ 1,4 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխարէն։ Այսպէս, աճուրդը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Էսթոնիայէն մասնաւոր հաւաքածոյէ մը աճուրդի ներկայացուած էր Յովհաննէս Այվազովսքիի «Վենետիկը՝ գիշերով. Սան Ճիորճիօ Մաճճորէ» կտաւը։ Աճուրդի արդիւնքով Յովհաննէս Այվազովսքիի այս կտաւը ձեռք փոխեց՝ 1,4 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխարէն։
Յովհաննէս Այվազովսքիի գործերը միշտ կը գտնուին գեղարուեստական աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին եւ ամէն անգամ, որ աճուրդ մը կամ սեփականատիրոջ փոփոխութիւն մը կ՚ըլլայ, անպայման լայն արձագանգ կը գտնէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026