ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը վերջերս Փարիզի մէջ կազմակերպեց մեծ ձեռնարկ մը, որու արդիւնքով 2 միլիոն ամերիկեան տոլար հանգանակուեցաւ՝ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկագիտական համալսարանի նոր գրադարանին եւ կրթական հարթակին համար։ «Keron Impact Gala / Paris 2026»ը համախմբեց ֆրանսահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ, Հայաստանի բարեկամներ, բարերարներ, գործարար շրջանակներէն դէմքեր, մշակոյթի եւ առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջազգային գործընկերներ։ Փարիզի «Four Seasons Hotel George V»ին մէջ տեղի ունեցաւ այս կալա-երեկոյթը, որ «Կերոն»ի կողմէ կազմակերպուած առաջին նման հաւաքոյթն էր։ «Keron Impact Gala / Paris 2026 - Uniting Lights for Armenia» խորագրեալ երեկոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ, որ հանգանակութեան արդիւնքը բաւական գոհացուցիչ էր։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երեկոյթը սկիզբ առաւ «Կերոն» հիմնադրամի նոր միջազգային աւանդութեան՝ երկու տարին մէկ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ նախատեսուած հաւաքներու վերաբերեալ հրապարակումով։ Այդ հաւաքներուն նպատակն է ներկայացնել այս օրուայ Հայաստանը, ամրապնդել կապերը հայկական համայնքներու հետ եւ միջազգային ներգրաւուածութիւնը վերածել Հայաստանի զարգացման ուղղեալ յստակ եւ երկարաժամկէտ մասնակցութեան։ 

Հայաստանի վերաբերեալ տեսանիւթի մը ներկայացումէն վերջ, երեկոյթի սկիզբին ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան։ Այս ողջոյնի խօսքէն վերջ բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի գրադարանը ժամանակակից կրթական հարթակի մը վերափոխելու ծրագրին վրայ։ Այսպէս, այս քայլը նախատեսուած է ապագայ բժիշկներու, հետազօտողներու եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն համար։ Ծրագրի իրականացման ցարդ միացած են բազմաթիւ անհատ նուիրատուներ, կազմակերպութիւններ եւ գործընկերներ՝ տարբեր քանակութեամբ ելմտական ներդրումներով։ Նուիրատուութիւններ կատարուած են նաեւ «reArmenia» հարթակին միջոցաւ՝ սկսած փոքր անհատական նուիրատուութիւններէ, մինչեւ խոշոր աջակցութիւններ։ 

«Կերոն» զարգացման հիմնադրամը, Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանին հետ համագործակցութեամբ կ՚իրականացնէ այս նախաձեռնութիւնը։ Համալսարանի ներկայ գրադարանը 600 քառակուսի մեթր տարածքի մը վրայ է, իսկ նորոգութենէն վերջ պիտի հասնի 3000 քառակուսի մեթրի։ Այսպէսով պիտի ստեղծուի ժամանակակից ուսումնական, հետազօտական եւ համագործակցային միջավայր մը՝ նոր հնարաւորութիւններ ընձեռելով հազարաւոր ուսանողներու, դասախօսներու, հետազօտողներու, բժիշկներու եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու համար։ 

Կրթական հարթակը պիտի ունենայ անհատական եւ խմբային աշխատանքի տարածքներ, բաց եւ փակ ընթերցասրահներ, թեքնոբանութիւններով յագեցած ուսումնական եւ հետազօտական գօտիներ, թուային պաշարներ, կրթական տարածքներ եւ առաւել մեծ հասանելիութիւն։ Նորաստեղծ հարթակը այսուհետեւ հասանելի պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ոլորտի մասնագէտներուն, այլեւ լայն հանրութեան։ 

Նախագծի ճարտարապետական հայեցակարգը մշակուած է Հոլանտայէն՝ «Defesche van den Putte-DVDP» ճարտարապետական ընկերութեան կողմէ, որ յայտնի է գրադարանային ճարտարապետութեան եւ պատմական շէնքերու վերականգնման ոլորտէ ներս իր փորձառութեամբ։

Կալա-երեկոյթի ընթացքին հիւրերը ողջունեցին եւ ծրագիրը առաւել մանրամասն ներկայացուցին՝ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէնուհի Վանանէ Արարքցեան եւ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Արմէն Մուրատեան։

Երեկոյթի մասնակիցները ողջունեցին Վանիկ Վանունցը, որու խոշոր նուիրատուութիւնը արդէն դիմագրաւած է ծախսերու ընդհանուր պիւտճէի գրեթէ կէսը՝ զգալիօրէն մօտեցնելով նախագծի ամբողջական իրականացման։ 

Կալա-երեկոյթի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի գործունէութիւնը։ 2024 թուականէն ի վեր այս հիմնադրամը հետամուտ է Հայաստանէ ներս նպաստել բարեփոխումներու՝ ներգրաւելով համաշխարհային տաղանդն ու փորձառութիւնը, զարգացնելով ենթակառուցուածքները եւ ընդլայնելով Հայաստանի ներկայութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ։ 

Հիմնադրամի հինգ ռազմավարական ուղղութիւնները կը հանդիսանան՝ կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, մշակոյթը, մարմնամարզը եւ տարածքային զարգացումը։ Այս վերջինները միաւորուած են ընդհանուր նպատակի մը շուրջ՝ ստեղծել միջավայր մը, ուր մարդիկ, հաստատութիւնները եւ համայնքները կրնան զարգանալ եւ յառաջ շարժուիլ։ 

Երեկոյթը առաւել յատկանշական դարձուց Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբի եւ Բժիշկներու համաշխարհային նուագախումբի (World Doctors Orchestra) համատեղ ելոյթը՝ նոյն բեմին վրայ համախմբելով երաժիշտներ եւ բժիշկներ աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Յայտագրի ընթացքին հնչեցին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, իսկ յատուկ ելոյթներով հանդէս եկան բազմաթիւ մրցութակիր դափնեկիրներ. օրինակ՝ Լուսինէ Լեւոնի եւ ֆրանսահայ հանրայայտ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան։ 

Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ մշակոյթի, երաժշտութեան, բժշկութեան, գործարար եւ հասարակական կեանքի յայտնի ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էին՝ Սերժ Աւետիքեան, մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեան, փրոֆ. Արա Պապլոյեան, Ռոզի Արմէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի շարք մը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ։ 

«Կերոն»ի յաջորդ նման ձեռնարկը կը նախատեսուի կազմակերպել 2028 թուականին՝ շարունակելով հիմնադրամին առաքելութիւնը՝ աշխարհի զանազան քաղաքներէ ներս համախմբելու համար մարդիկ՝ Հայաստանին, անոր ներուժին եւ ապագային շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2026