ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ ՄԸ ԳՏՆԵԼ ՊԻՒՏՃԷԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները վերջին երկու օրերուն արտահերթ գագաթաժողովի մը առթիւ մէկտեղուեցան Պրիւքսէլի մէջ։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Եւրոմիութեան 2028-2034 թուականներու պիւտճէն, ինչպէս նաեւ յաջորդ տարի Ուքրայնայի համար նախատեսուած գանձատրումները։

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա յայտնեց, որ այս յատուկ հանդիպումը կեդրոնացած էր ԵՄ-ի բազմամեայ ելմտական ծրագրին վրայ, միեւնոյն ժամանակ, յաջորդ տարի պատերազմական իրավիճակի մէջ Ուքրայնայի համար նախատեսուած օժանդակութիւնները առարկայ դարձած են ղեկավարներու ուշադրութեան։

Գագաթաժողովէն առաջ, Անթոնիօ Քոստա 2028-2034 թուականներու պիւտճէի փոխզիջումային նախագիծ մը ներկայացուց։ Ան աւելի քան 10 տոկոսով կրճատում կը նախատեսէր Եւրոյանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած սկզբնական նախագծին բաղդատմամբ՝ գումարը 1,7 եռիլիոն եւրոյէն նուազեցնելով մինչեւ 1,52 թրիլիոն եւրոյի։ Եւրոպական զանազան աղբիւրներու հաղորումներով՝ այդ առաջարկը քննադատութեան պատճառ դարձած է ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու մեծամասնութեան կողմէ։ Գանձատրումներ ապահովող պետութիւնները կը փափաքին աւելի շատ կրճատել պիւտճէն, իսկ շահառուները՝ կողմնակից են բարձրացման։ Երկու կողմերն ալ կը փափաքէին պիւտճէի զանազան յօդուածներու պարագային յաւելումներ կամ կրճատումներ։

Քիեւին օժանդակութեան համար Եւրոյանձնաժողովը ներկայացուց 45 միլիառ եւրօ արժողութեամբ նոր ծրագիր մը։ Այդ միջոցները Ուքրայնային պիտի տրամադրուին անհատոյց։ Անոնք պիտի յատկացուին փոխառութեան տեսքով եւ պիտի սպասարկուին ԵՄ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ։ Պրիւքսէլի գագաթաժողովի ընթացքին պէտք է հաստատուէր այս ծրագիրը եւ որոշուէր դիմում ներկայացնել գործընկերներուն՝ Քիեւին եւս 25 միլիառ եւրօ տրամադրելու խնդրանքով։

Յամենայնդէպս, Պրիւքսէլի գագաթաժողովի արդիւնքին ստեղծուած իրավիճակը եղաւ կանխատեսուածէն աւելի տարբեր։ Թէեւ Անթոնիօ Քոստա յոյս յայտնած էր, թէ իր կողմէ ներկայացուած առաջարկը կը քննարկուի փոխզիջումային ոգիով, սակայն, արդիւնքը չարդարացուց այդ ակնկալութիւնը։ «Մենք բոլորս պատասխանատու ենք հաւասարակշռուած լուծում մը գտնելու համար, ինչ որ թոյլ կու տայ, որպէսզի Եւրոմիութիւնը յաղթահարէ առկայ մարտահրաւէրները՝ բարձրացնէ մրցունակութիւնը, ամրապնդէ անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջ մղէ Եւրոպայի շահերը համաշխարհային ասպարէզի մէջ, միեւնոյն ժամանակ, պահպանելով քաղաքական այն ուղղութիւնները, որոնք ապացուցանած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը», համոզուած է Անթոնիօ Քոստա։

Հարկ է նշել, որ այս արտահերթ գագաթաժողովին նախորդած քանի մը ամիսներուն Անթոնիօ Քոստա աշխատանք տարած էր՝ իր փոխզիջումային ծրագիրը կազմելու ուղղութեամբ։ Այդ աշխատանքը զանազան վէճերու պայմաններուն ներքեւ ընթացաւ։ Մէկ կողմը կը գտնուին «խնայող» երկիրները՝ Աւստրիա, Գերմանիա, Դանիա, Հոլանտա, Ֆինլանտիա եւ Շուէտ, որոնք կը պահանջեն չուռճացնել ընդհանուր ծախսերն ու ազգային վճարումները։ Միւս ճամբարին մէջ կը գտնուին Արեւելեան եւ Հարաւային Եւրոպայի երկիրները, որոնք կը պնդեն պահպանել աւանդական գանձատրումները ագարակագործներու եւ աղքատ տարածաշրջաններու համար։

ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ, որ ինչպէ՞ս միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պէտք է ապահովել Ուքրայնայի ելմտական կարիքները 2027 թուականին եւ աւելի վերջ։

Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները նկատի առին նաեւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան նոր ղեկավարութեան ձեւաւորման խնդիրը։ Արդարեւ, դրամատան նախագահ Քրիստին Լակարտ որոշած է վաղաժամ լքել իր պաշտօնը եւ միջոց մը առաջ արդէն յայտարարած էր իր հրաժարականին մասին։

Պրիւքսէլի արտահերթ գագաթաժողովէն վերջ, եւրոպական աղբիւրները յստակ տեղեկացուցին, որ ղեկավարները չեն յաջողած համաձայնութեան հասնիլ յաջորդ երկարաժամկէտ պիւտճէի հարցին շուրջ։ Զուտ «խնայող» երկիրներու խումբը՝ Գերմանիոյ գլխաւորութեամբ, կը պնդէ պիւտճէի ապագայ կրճատումներու վրայ։ «Ես միշտ յստակ արտայայտած եմ իմ դիրքորոշումը։ Եւրոյանձնաժողովի առաջարկին համեմատ կրճատումը պէտք է կազմէ մի քանի հարիւր միլիառ եւրօ», լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց։ Իր կարգին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն նշեց, որ պիւտճէի կրճատումը ռազմավարական սխալ մը կ՚ըլլայ։ «Փաստացիօրէն մենք մեզ կը կանգնեցնենք իրավիճակի մը առջեւ, երբ Եւրոպայէ ներս պետական ներդրումները կը նուազին՝ Չինաստանի բաղդատմամբ եւ Ֆրանսան չ՚աջակցիր որեւէ յաւելեալ կրճատման», յայտարարեց ան մամուլին Պրիւքսէլէն վաղաժամ հեռանալու ժամանակ։ Հակառակ ԵՄ-ի աւելի մեծ պիւտճէ ունենալու իր ցանկութեան՝ Մաքրոն նաեւ յստակեցուց, որ Ֆրանսա աւելի մեծ ներդրում չի կատարեր ԵՄ-ի պիւտճէին։ «Մենք բոլորս յոյս ունինք կայունացնել ազգային յատկացումները։ Սա է մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը», դիտել տուաւ ֆրանսացի ղեկավարը։

Իր կարգին, Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտես կողմ արտայայտուեցաւ Անթոնիօ Քոստայի կողմէ առաջարկուած կրճատման՝ սա որակելով «շատ տրամաբանական փոխզիջում մը»։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2026