ԵՐԲ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ -Դ.
«ԱՊԻԿԱՅԷԼ». Իմաստութիւնը, որ կը զինաթափէ. երբ քաջութիւնը խաղաղութիւն կը կերտէ։
Ապիկայէլին՝ աւագ աղջիկիս, որուն անունը այս գեղեցիկ իմաստը կը կրէ՝ «Հայրս ուրախութիւն է»։ Թող ան միշտ յիշէ, որ իր կեանքը թանկագին է եւ թէ ճշմարիտ զօրութիւնը ուրիշները տիրապետելու մէջ չէ, այլ՝ իմաստութիւն, քաջութիւն եւ խաղաղութիւն ընտրելու կարողութեան մէջ։
Աստուածաշնչական յղումներ՝ (Ա. Թագաւորաց 25,2-35), (Առակաց 15,1), (Մատթէոս 5,9), (Յակոբոս 3,17-18)։
Կան մարդիկ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն, թէ ճշմարիտ զօրութիւնը միշտ տպաւորիչ արարքներով չի յայտնուիր։ Երբեմն ան կը բացայայտուի ճիշդ խօսքի մը, քաջ որոշումի մը կամ վէճ մը խաղաղեցնելու կարողութեան մէջ։
Ս. Գիրքը մեզի կը ներկայացնէ կին մը, որուն պատմութիւնը արժանի է վերագտնուելու՝ Ապիկայէլը։
Անոր անունը եբրայերէն Աւիգայիլ բառէն կու գայ եւ կը նշանակէ՝ «Հայրս ուրախութիւն է»։ Սակայն իր պատմութիւնն է, որ մեզի իմաստութեան գեղեցիկ դաս մը կու տայ (Ա. Թագաւորաց 25)։
Աբիգայէլ Նաբաղ անունով հարուստ, բայց խստասիրտ եւ գոռոզ մարդու մը կինն էր։ Երբ Դաւիթ, իր հովիւներուն ցուցաբերած պաշտպանութեան փոխարէն, օգնութիւն կը խնդրէ, Նաբաղ կոպտօրէն կը մերժէ զայն։ Վիրաւորուած եւ անարգուած՝ Դաւիթ կը պատրաստուի զէնքի դիմելու։
Այդ պահուն Ապիկայէլ կը միջամտէ։ Լուր առնելով պատահածին մասին՝ ան անմիջապէս պաշար կը պատրաստէ եւ կ՚երթայ Դաւիթին ընդառաջ։ Կրնար հեռու մնալ, բայց կը նախընտրէ գործել։ Իմաստութեամբ եւ վճռակամութեամբ կը խօսի անոր հետ ու կը հասկցնէ, թէ վրէժխնդրութիւնը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։
Ան չի փորձեր արդարացնել իր ամուսինին վարքը, բայց կը մերժէ, որ մէկ անարդարութիւն ուրիշ անարդարութեան մը պատճառ դառնայ։ Դաւիթ կը ճանչնայ անոր խօսքերուն իմաստութիւնը եւ կը հրաժարի իր արիւնալի ծրագիրէն։
Այս պատմութիւնը մեզի կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը սորվեցնէ. իմաստութիւնը տկարութիւն չէ եւ խաղաղութիւնը ընտրելը երբեմն մեծ քաջութիւն կը պահանջէ։
Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր վիրաւորական խօսքի մը յաճախ ուրիշ վիրաւորական խօսք մը կը յաջորդէ։ Տարակարծութիւնները կը վերածուին բախումներու եւ երբեմն կը կարծենք, թէ ճիշդ ըլլալը կը նշանակէ վերջին խօսքը ըսել։
Սակայն, Առակաց գիրքը կը յիշեցնէ. «Մեղմ պատասխանը կը հանդարտեցնէ բարկութիւնը, իսկ խիստ խօսքը կը գրգռէ զայն» (Առակաց 15,1)։
Ասիկա չի նշանակեր ընդունիլ անարդարութիւնը կամ հրաժարիլ մեր համոզումները պաշտպանելէ։ Ապիկայէլ մեզի ցոյց կու տայ, թէ կարելի է հակադրուիլ բռնութեան՝ առանց մենք ալ բռնի դառնալու։
Այս կեցուածքը կը միանայ Յիսուսի խօսքերուն. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթէոս 5,9)։
Խաղաղարար ըլլալ կը նշանակէ ո՛չ միայն խուսափիլ վէճերէն, այլ քաջութիւն ունենալ միջամտելու, տկարը պաշտպանելու, երկխօսութիւնը ընտրելու եւ երբեմն հաշտութեան առաջին քայլը առնելու։
Ապիկայէլի պատմութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Աստուած կրնայ Իր իմաստութիւնը փոխանցել մարդոց միջոցով, որոնցմէ թերեւս չէինք սպասեր զայն լսել։ Նոյնիսկ Դաւիթ, Իսրայէլի ապագայ թագաւորը, այս կնոջմէն կարեւոր դաս մը կը սորվի։
«Հայրս ուրախութիւն է» անունի իմաստը մեզ կը տանի դէպի մեր յարաբերութիւնը երկնաւոր Հօր հետ։ Մեր արժէքը կախեալ չէ մեր յաջողութիւններէն կամ ուրիշներու կարծիքէն։ Մենք նախ եւ առաջ կոչուած ենք ընդունելու Աստուծոյ սէրը եւ հասկնալու, թէ որքան թանկագին ենք Իր աչքին։
Երբ այս ուրախութիւնը կ՚ընդունինք, հրաւիրուած ենք զայն նաեւ մեր շուրջը տարածելու։ Մեր ընտանիքներուն եւ առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ կրնանք խաղաղութիւն կառուցել։ Մեղմ խօսք մը, ներումը կամ օգնութեան երկարուած ձեռք մը կրնան շատ բան փոխել։
Յակոբոս առաքեալ կը յիշեցնէ, որ երկնային իմաստութիւնը խաղաղասէր է, հեզ եւ ողորմած (Յակոբոս 3,17)։
Ապիկայէլ անունը մեզ կը հրաւիրէ զօրութեան եւ իմաստութեան նայելու նոր ձեւով. կառուցել՝ բաժնելու փոխարէն, հաշտեցնել՝ հակադրելու փոխարէն։
Երբ մեր կեանքին մէջ լարուածութիւններ կը յառաջանան, ի՞նչ կ՚ընտրենք՝ բաժանումները խորացնող բարկութի՞ւնը, թէ խաղաղութիւն կերտող քաջութիւնը։
Որովհետեւ իմաստուն ըլլալ չի նշանակեր երբեք բախումներու չհանդիպիլ, այլ սորվիլ թոյլ չտալ, որ անոնք որոշեն, թէ ի՛նչպիսի մարդ կ՚ուզենք դառնալ։
Իսկ եթէ մեր երկնաւոր Հօր ուրախութիւնը պատճառելու ամենէն գեղեցիկ կերպերէն մէկը խաղաղարարներ դառնալն է։
*
«ԱՆՆԱՊԷԼ». Շնորհքը. այն պարգեւը, զոր Աստուած կու տայ մեզի՝ առանց մեր արժանի ըլլալը պահանջելու։
Աննապէլին՝ իմ կրտսեր զաւակիս, որուն անունը մեզի համար կը յիշեցնէ շնորհքը։ Թող ան մեծնայ՝ միշտ գիտնալով, թէ որքան թանկագին է իր կեանքը եւ ամէն օր բացայայտէ, որ ամենէն գեղեցիկ պարգեւը մեր ունեցածին մէջ չէ, այլ այն ձրի սիրոյն, զոր Աստուած կը շնորհէ մեզի։ Թող շնորհքը ընկերակցի անոր կեանքի ճամբուն, եւ անոր սիրտը միշտ բաց մնայ կեանքի գեղեցկութեան առջեւ։
Աստուածաշնչական յղումներ՝ (Եփեսացիս 2,8-10), (Յովհաննէս 1,14-17), (Բ. Կորնթացիս 12,9), (Ղուկաս 1,28)։
Կան բաներ, զորս կրնանք գնել, ուրիշներ՝ զորս պէտք է կառուցենք, եւ կան նաեւ այնպիսիք, զորս կը կարծենք, թէ մեր ջանքերով պէտք է վաստակինք։ Սակայն գոյութիւն ունի իրականութիւն մը, որ արժանիքի տրամաբանութենէն վեր է՝ շնորհքը։
Շնորհքը քրիստոնէական հաւատքի սիրտն է։ Ան մեզի կը բացայայտէ սէր մը, որ սակարկութեան ենթակայ չէ, պարգեւ մը, որ չի գնուիր, եւ բարութիւն մը, որ մեր յաջողութիւններէն կախեալ չէ։ Աստուած մեզ չի սիրեր, որովհետեւ կատարեալ ենք, այլ կը սիրէ մեզ նոյնիսկ մեր տկարութիւններուն մէջ։
Աննապէլ անունը մեզի համար կը յիշեցնէ այս շնորհքը։ Թէեւ անոր ծագումն ու ճշգրիտ նշանակութիւնը վիճարկելի են, այս կապակցութիւնը գեղեցիկ առիթ մը կու տայ մեզի՝ խորհրդածելու մեր հաւատքի մեծագոյն խորհուրդներէն մէկուն շուրջ։
Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը գրէ. «Շնորհքով փրկուած էք՝ հաւատքով. եւ ասիկա ձեզմէ չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւն է». (Եփեսացիս 2,8)։
Ուրեմն փրկութիւնը վարձատրութիւն մը չէ, որ կը տրուի միայն անոնց, որոնք բաւական լաւ եղած են։ Ան Աստուծոյ պարգեւն է։ Պէտք չունինք Իր սէրը վաստկելու. Անոր սէրը մեզմէ առաջ կու գայ եւ ձրիօրէն կը տրուի մեզի։
Յիսուս Քրիստոսի մէջ այս շնորհքը դէմք կը ստանայ։ «Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ». (Յովհաննէս 1,14)։ Զայն կը տեսնենք Յիսուսի հանդիպումներուն մէջ՝ մեղաւորներուն, հիւանդներուն եւ մերժուածներուն հետ։ Քրիստոս երբեք մարդը չի սահմանափակեր իր անցեալի սխալներով, այլ անոր նոր ապագայ մը կը բանայ։
Շնորհքը չի նշանակեր, թէ ամէն ինչ թոյլատրուած է։ Ան մեզ չի զերծեր մեր պատասխանատուութիւններէն, այլ կը հրաւիրէ մեզ տարբեր կերպով ապրելու։ Բարիք չենք գործեր Աստուծոյ սէրը շահելու համար, այլ՝ որովհետեւ բացայայտած ենք, որ սիրուած ենք։
Շնորհքը կը յայտնուի նաեւ մեր տկարութիւններուն մէջ։ Պօղոս կը փոխանցէ Տիրոջ այս խօսքերը. «Իմ շնորհքս քեզի կը բաւէ, որովհետեւ Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կատարեալ կը դառնայ» (Բ. Կորնթացիս 12,9)։ Աստուած մեզմէ չի պահանջեր կատարեալ ըլլալ՝ մեզ սիրելու համար։ Իր շնորհքը կը հասնի մեր վէրքերուն, կ՚օգնէ մեզի ոտքի կանգնելու, ներողութիւն խնդրելու եւ նորէն սկսելու։
Սակայն շնորհքը ընդունիլ կը նշանակէ նաեւ սորվիլ զայն փոխանցել։ Մեր ընտանիքներուն եւ առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ կրնանք դառնալ անոր վկաները՝ առանց շուտով դատելու ընդունիլ ուրիշները, ներել, երկրորդ առիթ մը տալ եւ հոգ տանիլ դժուարութիւններու մէջ գտնուողներուն։
Այսպէս, ստացուած շնորհքը կը դառնայ բաժնուած շնորհք։
Աննապէլ անունը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր գոյութիւնը պարգեւ մըն է, եւ որ արդէն իսկ անգին հարստութիւն մը ունինք՝ Աստուծոյ սէրը։
Իսկ եթէ դադրինք մեր արժէքը անդադար ապացուցելէ եւ պարզապէս ընդունինք մեզի պարգեւուած այս սէրը։ Թերեւս այդ ժամանակ հասկնանք, որ շնորհքը կը փոխէ ո՛չ միայն Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը, այլ նաեւ ուրիշներուն հանդէպ մեր հայեացքը։
Որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին համար մեր երախտագիտութիւնը արտայայտելու ամենէն գեղեցիկ կերպը թերեւս այն է, որ մենք ալ դառնանք շնորհք մը ուրիշի մը կեանքին մէջ։
Շնորհքը վաստկելիք բան մը չէ, այլ պարգեւ մըն է, զոր կ՚ընդունինք։ Եւ երբ զայն անկեղծօրէն ընդունինք, ան մեզի կը սորվեցնէ տալ՝ առանց փոխադարձ հատուցում ակնկալելու։
*
«ՉՈՐՍ ԱՆՈՒՆ, ՄԷԿ ՅՈՅՍ»
«Ստացուած սէրէն՝ փոխանցուած սիրոյն. երբ ընտանիքը կը դառնայ դէպի Աստուած տանող ճամբայ»։
Էմմանուէլին՝ կնոջս, եւ Նաթանայէլին, Ապիկայէլին ու Աննապէլին՝ երեք զաւակներուս։ Այս քանի մը տողերը ձեզի կը նուիրեմ։ Անոնք ծնունդ առին ձեր անուններէն, բայց մանաւանդ այն տեղէն, զոր կը գրաւէք կեանքիս մէջ։ Այս շարքով ուզեցի մեծարել ձեզ՝ միաժամանակ Ս. Գրքին մէջ բացայայտելով մեր հաւատքի գեղեցկագոյն գանձերէն ոմանք։ Միշտ յիշեցէք, թէ որքան թանկագին էք, որքան սիրուած էք եւ որքան Աստուած կ՚ընկերակցի ձեզի։
Աստուածաշնչական յղումներ՝ (Սաղմոս 127,3), (Երկրորդ Օրինաց 6,4-7), (Յովհաննէս 15,9-17), (Ա. Կորնթացիս 13,4-8), (Եփեսացիս 2,8-10)։
Երբեմն ամենէն գեղեցիկ խորհրդածութիւնները կը ծնին ամենէն պարզ բաներէն։ Անուն մը կրնայ դառնալ հոգեւոր ճամբորդութեան մը սկիզբը։ Այսպէս ծնաւ այս շարքը՝ նուիրուած սրտիս ամենէն մօտիկ չորս անուններուն՝ Էմմանուէլ, Նաթանայէլ, Ապիկայէլ եւ Աննապէլ։
Սկիզբը պարզապէս կինս եւ երեք զաւակներս մեծարելու փափաքն էր։ Սակայն Ս. Գրքի լոյսին տակ այս անունները դիտելով՝ հասկցայ, որ անոնք կրնային մեզ առաջնորդել դէպի մեր հաւատքին սիրտը։
Էմմանուէլ մեզի յիշեցուց Աստուծոյ այս խոստումը՝ Ան մեզի հետ է։ Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուած բաժնեկից կը դառնայ մեր մարդկային կեանքին եւ կը քալէ մեր կողքին։
Նաթանայէլ մեզ հրաւիրեց անձամբ հանդիպելու Քրիստոսին, որովհետեւ հաւատքը միայն ժառանգութիւն մը չէ, այլ ճամբայ մը, զոր իւրաքանչիւրս ազատօրէն կոչուած է բացայայտելու։
Ապիկայէլ մեզի սորվեցուց, որ ճշմարիտ իմաստութիւնը կը յայտնուի մեր արարքներուն, քաջութեան եւ խաղաղութիւնը ընտրելու կարողութեան մէջ։
Իսկ Աննապէլ մեզ առաջնորդեց դէպի Աւետարանի սիրտը՝ շնորհքը, այն ձրի սէրը, զոր Աստուած կը պարգեւէ մեզի՝ առանց մեր արժանի ըլլալը պահանջելու։
Չորս անուն, չորս ճամբայ, բայց մէկ համոզում՝ ամէն ինչ կը սկսի Աստուծոյ սիրով։
Այս խորհրդածութիւնը զիս վերադարձուց նաեւ կեանքի էական արժէքին՝ ընտանիքին։ Սաղմոս 127-ը կը յիշեցնէ, թէ «որդիները Տիրոջ ժառանգութիւնն են»։ Մեր զաւակները կեանքեր են, որոնք մեր սիրոյն վստահուած են։ Ծնող ըլլալ կը նշանակէ փոխանցել, պաշտպանել եւ ընկերակցիլ, բայց նաեւ զաւակներուն ազատութիւնը յարգել՝ իրենց սեփական ճամբան կերտելու համար։
Հաւատքը փոխանցել միայն աղօթքներ սորվեցնել կամ աստուածաշնչական պատմութիւններ պատմել չէ։ Ան նաեւ մեր գործերով ցոյց տալն է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սիրել, ներել, ընդունիլ մեր սխալները եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը պահել։ Վկայել՝ առանց պարտադրելու, ընկերակցիլ՝ առանց սահմանափակելու եւ սիրել՝ առանց տիրանալու։
Այս փոխանցումը կը կերտուի նաեւ ամուսնական կեանքին մէջ՝ հաւատարմութեամբ, ունկնդրութեամբ եւ ներողամտութեամբ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Սէրը համբերատար է, սէրը քաղցր է». (Ա. Կորնթացիս 13,4)։
Այս շարքի աւարտին հարցում մը կը մնայ. ի՞նչն է, որ իրապէս արժէք կու տայ մեր կեանքին։
Մեր աշխարհը յաճախ մեզ կը մղէ մեր յաջողութիւնը չափելու մեր ունեցածով կամ իրագործածով։ Սակայն Աւետարանը կը յիշեցնէ, որ մենք նախ եւ առաջ Աստուծոյ կողմէ սիրուած ենք, Իր շնորհքով փրկուած եւ այդ սէրը պտղաբեր դարձնելու կոչուած։
Ուրեմն, եթէ այս չորս անունները Աստուծոյ մասին բան մը պատմեցին, թող մեր կեանքերն ալ Իր սիրոյն մասին վկայեն։
Որովհետեւ մեր սիրելիներուն փոխանցելիք ամենէն գեղեցիկ ժառանգութիւնը թերեւս ո՛չ նիւթական է, ո՛չ ալ ընկերային, այլ այս խոր համոզումը. ի՛նչ ալ պատահի, անոնք Աստուծոյ կողմէ սիրուած են, իրենց կեանքը անսահման արժէք ունի Իր աչքին եւ իրենց ճամբուն վրայ երբեք առանձին չեն։
Չորս անուն, չորս պատմութիւն, որոնք ինծի համար անսահման թանկագին են, բայց մէկ յոյս՝ Աստուծոյ յոյսը, որ մեզ կը սիրէ, կ՚ընկերակցի մեզի եւ կը հրաւիրէ մեր կեանքը Իր սիրոյն կենդանի վկայութիւնը դարձնելու։
ԳՐԻԳՈՐ ՍՐԿ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•վերջ
Լիոն