ՓԱՅԼԱԿ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (1904 - 1936)
Բանաստեղծ եւ արձակագիր Փայլակ Միքայէլեան ծնած է 1904 թուականի յունուարի 9-ին, Երզնկայ, Էրզրումի նահանգ, Օսմանեան կայսրութիւն: Զաւակն է Միքայէլ Միքայէլեանի եւ Եոնիկ Սահակեանի:
Մեծ աղէտի տարիներուն ընտանիքին հետ աքսորուած է: Կանուխ տարիքէն որբացած է, որդեգրուած է իսլամ ընտանիքի մը կողմէ եւ՝ իսլամացուած:
Մեծ պատերազմէն ետք, մանաւանդ Մուտրոսի զինադադարէն ետք, զինք խնամած է Հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւնը եւ զինք ղրկած է Քուլելիի որբանոց՝ Պոլիս: Որոշ ժամանակ մը ետք տեղափոխուած է Յունաստանի Քորֆու կղզիի որբանոց:
Աւելի ուշ անցած է Մարսէյլ, Ֆրանսա:
Աշխատակցած է «Երկունք», «Մենք», «Յառաջ» եւ «Անահիտ» ֆրանսահայ պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» եւ «Զուարթնոց» պարբերականներուն:
Փայլակ Միքայէլեան կը պատկանի Շաւարշ Նարդունիի հիմնած չափահաս որբերու միութեան:
1930-ին հրատարակած է «Եւա» ենթավերնագրով «Արձակուրդի բացիկներ» ստեղծագործութիւնը, որ բաղկացած է քսան արձակ ստեղծագործութիւններէ՝ բացիկի ձեւով:
Ապա 1933-ին հրատարակած է «Արեւ, արեւ» վէպը, որ բաղկացած է քսան գլուխներէ: Այս ստեղծագրոծութեան մէջ Միքայէլեան մեղադրանք կը ներկայացնէ իր հօր դէմ, նկարագրելով զինք ո՛չ բոլորովին մեռած եւ ո՛չ բոլորովին ողջ: Այս հատորը 2017-ին «Ակտուալ արուեստ»ի կողմէ վերահրատակարուած է Երեւանի մէջ: Զնտուկ (Zndog.com) կայքին մէջ այս վէպին մասին կը կարդանք. «Փայլակ Միքայէլեանի վէպը նախ հրատարակուած է որպէս թերթօն Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ 1932 թուականին, ապա՝ լոյս տեսած է առանձին հատորով՝ «Յառաջ» մատենաշարէն, 1933-ին։ Վէպը կը պատկանի Փարիզի մէջ ծայր տուած սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդին, անոր մէջ կայ «ամբողջական նկարագիրը որբերու, մենակեացներու, տնանկներու», ինչպէս կ՚ըսէ նոր հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ»:
Նոյն վերահրատարակուած հատորին մէջ փոխան յառաջաբանի՝ «Հոգ մի ըներ, Փայլակ» վերնագրին տակ կը կարդանք. «Հեռաւոր բարեկամ, կարծես թէ Աստուծմէ է որ «Արեւ, արեւ» վէպիդ վերահրատարակութիւնը ստանձնած եմ։ Արդ, կ՚ուզեմ մտերմօրէն, աւելի սիրով ըստ կարելւոյն ներկայացնել վէպդ․ մէկէն ի մէկ դուն էջերուն ընդմէջէն կ՚երկարես ձեռքդ… Փայլակ Միքայէլեանը շատոնց մոռցած են, թերեւս չեն ալ ճանչցած, քեզմով սերունդի մը դառնութիւնը երեւան կու գայ։ Քու բացակայիլը, չճանչցուիլը կը մտահոգէ զիս։ Ֆրանսահայ գրողներէն, ըսել կ՚ուզեմ «Մենք»ի տղաքէն Նիկողոս Սարաֆեանը, Շաւարշ Նարդունին, Շահան Շահնուրը, Բիւզանդ Թոփալեանը եւ մնացեալք շատոնց յայտնի են եւ կը հրատարակուին։ Անոնցմէ՝ Ն․ Սարաֆեանը, Շ․ Նարդունին, Շ․ Շահնուրը, Ն․ Պէշիկթաշլեանը, Յ․ Կոստանդեանը, Կ․ Փոլատեանը ես հրատարակած եմ, քեզմէ լուր մը չունի ընթերցողը Հայաստան եւ ի սփիւռս։ Դուն կը մնաս չընթերցուած, բայց նորէն բացառիկ՝ զգայնութիւններով, ժամանակը եւ իրականութիւնը հարազատութեամբ ցուցնող եռանդովդ, ինչպէս ատենին, հիմա ալ՝ ճակատագրովդ շունչ մը կայ գիրիդ մէջ, որ կ՚արթնցնէ ամբողջական նկարագիրը որբերու, մենակեացներու, տնանկներու. արդեօք մենք ալ տնաւէր որբ մը չե՞նք…
«Զարմանալի բան է ասիկա- ճակատագիրը… Մեր ճակատագրուած ըլլալը…
«Քանի մը տարի առաջ՝ Երզնկայ եղած ատեն քեզ կը յիշէի /թրքացած հայերու, թէ թուրքերու հանդիպեցայ/, ինչո՞ւ քեզ կը յիշէի… թուրք ընտանիքի մը կողմէ որդեգրած մանչիդ հեծկլտոցը կը լսէի, անկէ ետք կը տեսնէի վախցած ու շփոթած Փայլակը՝ Պոլսոյ Քուլելիի որբանոցին մէջ, մինչ Յունաստան, յետոյ Ֆրանսա մեկնումդ արդեօք կը խորհէի՞ր աքսորի ճամբուն կորսուած ծնողքիդ մասին։ Կ՚անցնիմ։
«Արդ, կայ գիրդ, ըսել կ՚ուզեմ դուն կ՚ապրիս, չնայած տարիներու հեռուէն անկարող կարդալու նամակս։ Ինծի կը թուի,- վստահ եմ, այդպէս է,- անդենական շունչ մը կու գայ քեզմէ, յորդոր մը, որ վերայայտնաբերուի նուիրումդ, զոր կեանքդ արժեցաւ։ Ու դուն չես խպնիր, երբ կ՚ըսեմ․ Փայլակը պիտի ճանչնաք, ան ի գին ամէն բանի առաւելագոյնը տուած է՝ «Յառաջ»ի, «Հայրենիք»ի, «Զուարթնոց»ի «Անահիտ»ի, «Մենք»ի էջերու ընդմէջէն նաեւ Ցոլակ Զանգի գրչանունով։
«Նորէն կը կարդամ վէպդ․ տեսարանները, մարդիկը եւ դուն կազմելով յետեղեռնեայ կեանքի ներքին նկարագիրը՝ կարծես, թէ նոյն ներաշխահէն ելած էք։ Ամենքդ ալ,- ֆրանսացի, հայ, թէ արաբ,- ապրած էք նոյն անհրապոյր, բայց խնամատար միջավայրին մէջ՝ վտարեալ աքսորի տուայտանքներէն՝ ապառողջ, ապերջանիկ։ Եւ մարդոց խօսակցութիւններու ընդմէջէն տեսակ մը լռամոյն ցաւ կը ծորի, օձագալար վերյիշումներն անոնց անհանդարտ կը թողնին ու կը խօսին, կը մոլորին, կը խորհին ամենքն ալ… Ես գաղափար չունիմ ձեր միջավայրէն, հաւանաբար դուք ալ, բայց անտեղիտալի կերպով մը հոն կը գտնուիք, ուր բնաւ չէք երեւակայած։ Թէ հիմա ինչ կը խորհիմ, որ կը գրեմ սա տողերը՝ ալ չեմ գիտեր։ Քրոջմէդ ստացած նամակներէդ կարօտի փաղաքուշ ցոլք մը մտածումի պէս երեւցաւ․ ան կը գրէր ներքին ուրախութեամբ մը լեցուն, որ սփոփուիս-կազդուրուիս։ Դուն կը գրես․ «Սիրելի քոյրս, նամակս արեւուն շողերուն տակն է․ լուսաշող պիտի ըլլայ իր լուսաբացը… Ուժէս վեր կարծուած այս ճամբորդութիւնը յաջողութեամբ վերջացուցի, ճշմարիտ յաղթանակ մը»։
«Քոյրդ քեզմէ ուրիշ սպասելիք չէ ունեցած, միայն յաղթանակդ, զոր կազդուրումդ կ՚ազդարարէ, իսկ դուն մտածումով կը կազդուրէիր։ Տեղ մը գրած ես․ «Օ, չլքել փետուր-գրիչն անզօրութեան», չես լքած երբեք, նոյնիսկ մահաշունչ երեսունմէկ տարիներուդ շեմը չհատած, չես լքած, քեզմէ մնացած է մինակութիւնդ լռելեայն ապրողի…
«Ահաւասիկ, վէպդ՝ լուսատու սկիզբ մը անունդ վերստին յիշելու։
Եղբայրաբար՝ Արթուր Անդրանիկեան
Երեւան, 7 յունուար, 2017»:
Փայլակ Միքայէլեան օգտագործած է Ցոլակ Զանգի գրչանունը: Ան մահացած է 1936 թուականի մայիսի 31-ին, թոքախտէ, Ֆրանսայի Կրաս քաղաքին մէջ:
2026-ին, Երեւանի մէջ աշխատասիրութեամբ Քրիստիան Բատիկեանի եւ խմբագրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի, Սարգիս Խաչենց, «Փրինթինֆօ» հրատարակչատունը հրատարակած է Փայլակ Միքայէլեանի «Հեւքի բացիկներ» հատորը:
*
«Յառաջ»ի 47-րդ տարիին, ուրբաթ, 15 հոկտեմբեր 1971-ի, թիւ 12241-ի 3-րդ էջին վրայ կը կարդանք.
«Տարաբախտ եւ ինքնամփոփ հոգի մը եւս, քնարերգու խառնուածքով եւ անխարդախ արտայայտութեամբ, որ իր պարզութեան մէջ կը պատմէ ամէն բան ու կ՚ենթարկուի ճակատագրականութեան մեծ օրէնքին:
Ինչ որ թողուց մեզի այս երիտասարդ գրագէտը, փշրուած իղձերու խառնուրդ մըն է միայն, որմէ կը ծնին նորանոր տենչեր, կարօտներ ու երազներ, եւ կը շեշտեն իր հոգեկան անպատմելի տագնապը:
Կարծես ուղեւոր մըն է, որ ինկած է կեանքի լայնատարած անապատին մէջ, ուր կը քալէ արագօրէն եւ կ՚ուզէ շուտ վերջացնել այդ տաժանելի պարտադրանքը, առանց նոյնիսկ օթեւան մը կամ ապաւէն մը փնտռելու: Ո՛չ հեգնութեան ծիծաղ մը կը գտնէք իր շրթունքին վրայ, ո՛չ ալ իր այտերը թրջող արցունքի կաթիլ մը, այլ ահարկու համակերպութիւն մը, որ իր գործը կը լուսաւորէ սրտառուչ գեղեցկութեամբ մը:
Փայլակ Միքայէլեան խաղաղօրէն տուած է այս անանուն տռամը իր մենաւոր խցիկէն կամ ապաքինարանէն գրած էջերով, որոնք հրատարակուեցան յառաջապահ հանդէսներու եւ տարեգիրքերու մէջ, եւ այսօր կը պատմեն մեզի ասուպի մը սահմանուած բախտը:
Իր վերջին գործը, «Արե՜ւ, արե՜ւ», բարոյական կտակի մը տպաւորութիւնը կը թողու մեր վրայ»:
Ծիծեռնակ [Եդուարդ Սիմքէշեան]:
*
«Արձակուրդի բացիկներ»էն հատուածներ.
Այսօր տօնական կիրակի է, ու գիւղին աղջիկները պճնուէր էին պուպրիկներու պէս ժանեակներով ու գոյնզգոյն երիզներով:
Մէկը մանաւանդ, գեղեցկուհի մը, կեցուածքի գեղջուկ պարզութեան մետաքսներուն հմայքն էր խառներ: Իր քիչ մը երկչոտ նայուածքը, յաճախակի գունաւորուող այտերը աւելի հրապուրիչ ու հետաքրքրական կը դարձնէին զինք:
Ես դիտեցի ու տեսայ քու յափշտակութիւնդ:
Կիրակնօրեայ ամբողջ պչրանքս նսեմացաւ, նազանքս սառեցաւ, ծիծաղելի գտայ ինքզինքս:
Երբ շուրջպար դարձան, այնքան տարուած էիր, գրեթէ մոռցած զիս, որ քայլ մըն ալ ու պիտի պարէիր…:
Այդ երկչոտ նայուածքը՝ վեհանուշ, այդ շրթները նրբագին, - կասկած չկայ աւելի գեղեցիկ էր նա, քեզ նշմարեցին ու դուք… ժպտեցաք:
Դուն քիչ խօսեցար այսօր ինծի հետ, ու վիրաւոր հպարտութիւնս կը ստիպէր զիս խնդալ երեկուընէ աւելի…
Սակայն… ես չեմ սիրեր տօնական կիրակիները. Կ՚ատեմ բոլոր գիւղի համեստութեան շպարը հագած գեղեցիկ աղջիկները…
Ես լալ կ՚ուզեմ…
***
Կը ծռիմ տրտմաշուք դէմքիդ ու աչքերդ համբոյրներովս ծածկելէն կը հեկեկամ խելակորոյս, անկարող պարտկելու այս երանութեան ովկէանը:
Ախ այսպէ՛ս, այսպէս վերջանար ամէն բան, ձուլուէինք ու հալուէինք անվերջ…
…Հովը կը փչէ զգուշութեամբ, հողմադարձը տանիքներուն բարձրէն սկսաւ շարունակել իր երկար ճառը կեանքին ու իրերուն վրայ… օրօ՜ր, օրօ՜ր օրօ՜ր:
Ափերուս մէջն է ճակատդ, ու մատանիիս եզերքին արցունքիդ ադամանդը:
Մազերդ բոցերու խուրձի մը պէս հովը երեսիս կը բերէ, կը սրբէ աչքերս:
Ու աղաւնիները կը վերադառնան յոգնած, սակայն մենք կը մնանք այտ այտի, աստղերուն տակ, իրարմով հաղորդուած… («Պայքար», Քաղաքական, ընկերային, մշակութային շաբաթաթերթ, տարի 1, թիւ 40, 11 ապրիլ 1968, հինգշաբթի, Պոլիս, էջ 9):
*
«ՏՐՏՈՒՆՋ ՄԱՆԿԱԿԱՆ»
Տիկին, հիմա,
Լոյսի, բոյրի, երգ ու պարի յորձանքներուն անձնատուր,
Շղարշներու գըգւասարսուռ պարուրանքէն
Մեղկացած ու երջանիկ,
-Ճերմակ, նըրբին շղարշներու ընդմէջէն՝ -
Կը ժպտիք:
Ոչ ինծի:
Ուրիշի՜ն:
Կը ժպտիք: Ձեր հոգեթով նոյն ժպիտով անկասկած,
(Կը յիշէ՞ք, լուռ էր դաշնակն ու ծաղկազարդ
Գորգին վրայ ձեր կօշիկը կը հանգչէր
Դեղձանիկի մը նըման),
Այն ժպիտովն առեղծուած,
(Ահ կողմնակի, բազկաթոռին յենած ձեր գլուխն աղուոր),
Երբ սիրածոր իմ աչքերուս աղերսանքին,
Վերջալոյսի արեւին տակ,
Խոստմնալից ակնարկով,
«Դեռ մանուկ ես, սիրելիս…» մրմնջեցիք
Մեղմ ձայնով մը հոգեպարար,
Գերեվարող…
Ու շրթներուս կրակ համբոյրն արծարծեցիք
Չառնելու պէս, մերժելու պէս քաղելով
Ձեր մատներուն ծայրերով…:
Տիկին, հիմա,
Ես պարտասուն՝ զրկըւածի թափառումէս,
Վերադարձի ճամբաներուն անելներէն,
Կը մօտենամ
Ծովուն թախծոտ մտերմութեան,
-Ուր յոյսերուս կարաւանը կը խեղդըւի յուսահատ,-
Եւ բարկութեամբ, վշտով, կրքով,
Հըպարտութեամբ վիրաւոր
Կը հայցեմ…
Ալիքներուն լացով կու լամ
Մահը սրտիս մանկական…
Տիկի՜ն…
(«Անահիտ», Հանդէս մտածման եւ արուեստի, Նոր շրջան, 1935, վեցերորդ տարի 1-2, Փարիզ, էջ 85):
*
ՀԱՏՈՒԱԾ «Արեւ, արեւ» վէպէն:
«… Սիրտս:
Աշխատէ՛, սիրելիս, աշխատէ՛. կարելի չէ հաշուել քնքշութիւնն ու զոհողութիւնը գործիդ, մինչ այնքան պիրկ կապերով բռնուած ես, կաշկանդուած. Կ՚անդրադառնա՞ս երբ եւ իցէ բեռին, որ բաժին է ինկեր քեզի, ո՜վ դուն ազնուագոյն աշխատաւոր, վեհանձն ու լռին… Վասն զի դուն երբեք քու մասիդ չխօսեցար, շրթներս, ու աչքերս, ու դեռ մատներս անբարոյ շահագործեցին քեզ… Ահա՛, անուն մը կայ խօսքերուս ծայրը, աղջիկ մը մեղրագոյն աչքերով… Դուն կը սեղմուիս, կը ցաւիս ամէն անգամ, երբ կ՚ուզեմ իր մազերը շոյել: Ո՛չ, ո՛չ կ՚ըսես, կ՚ըմբոստանաս, մեղք է, մի՛ ապականեր…
…Ու այդ մրմունջը հատնում մըն է, ինքն իր մէջ լաց մը, որ չի կրնար կոկորդիս իսկ հասնիլ… որովհետեւ կը տրամաբանեմ, չարութեա՞մբ, ի՛նչ տարբերութիւն, սիրտս իմ ազնիւ, քանի որ բազմաթիւ անգամներ իր ճշդութիւնը արցունքով տեսար, թէ երբ այդ անուշ աղջիկը մեղրաչուի՝ այնպէս համոյրի մը տենչով կ՚աղուորնայ, սիրտ իմ, սիրտս իմ մանուկ, եթէ գիտնար, տեսնէր այս վիրաւոր, բզքտուած թոքերը, լսէր ճշդօրէն այս կարմիր հազը պիտի… դարձեա՞լ… կը կասկածի՜մ: Դուն ի զուր վշտագին կը հառաչես, թէ գուցէ տեղեակ իրողութեան չ՚ուզեր բարակ մատներով ձեռքերուս մէջ տաքութիւններ ստեղծել. թէ կը զոհուի, քեզի, մեզի համար, միամի՜տ սիրտս. մի՛ սրդողիր, երբ կը թուլնամ երբեմն այնքան, խնդրող այնքան, երկդիմի, «քրոջ» չըսուելիք… խօսքերով, չէ՞ որ ես շատ յաճախ գութ, արգահատանք միայն կը տեսնեմ, կը զգամ… Ներէ՛ սիրտս իմ բարի, տկարութիւններուս որ վերջ ի վերջոյ ջամբած արիւնովդ կ՚ուռճանան եւ հետեւաբար քու տկարութիւններդ են, աւա՜ղ…» («Արեւ արեւ», մատենաշար «Յառաջ» թիւ 2, 1933, Փարիզ, էջ 11):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ