ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔ

«Դուն տակաւին չձեւաւորուած մայրենի արգանդին մէջ, Ես կը ճանչնայի քեզ։ Դուն տակաւին չելած արգանդէն, Ես սրբացուցի քեզ». (ԵՐԵՄ. Ա 5)։ Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ մարդկային կեանքը յարգել եւ բացարձակ կերպով պաշտպանել յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Ուստի, մարդկային կեանքը պարտի յարգուիլ եւ պաշտպանուիլ յղութեան առաջին պահէն իսկ։ Իր գոյութեան առաջին րոպէին իսկ, պէ՛տք է մարդկային էակը «անձ» ըլլալու իրաւունքները վայելէ՝ որոնց շարքին՝ ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի՛ իրաւունքը։ «Ոսկորներս Քեզի համար ծածուկ չէին, երբ ես կազմուեցայ գաղտնապէս, հիւսուած երկրին ընդերքներուն մէջ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 15)։

Առաջին դարէն իսկ, Եկեղեցին հաստատեց բարոյական չարութիւնը ամէն պատճառուած վիժումի։ Այս ուսուցումը չէ փոխուած։ Ան կը մնայ անփոփոխելի՛։ Ուղղակի, այսինքն՝ իբր նպատակ կամ իբր միջոց ուզուած վիժումը, ծանրօրէն հակառա՛կ է բարոյական օրէնքին։

«Վիժումով մի՛ սպաններ նախասաղմը եւ կորուստի մի՛ մատներ նորածինը»։ (Epistula ad Diognetum եւ Տերտուղիանոս…)։

«Աստուած՝ որ կեանքին Տէրն է, վստահեցաւ մարդոց կեանքին վսեմ պաշտօնը՝ զոր մարդը պարտի կատարել Անոր արժանավայել կերպով։ Կեանքը ուրեմն պէ՛տք է պահպանուի ծայրագոյն խնամքով յղութենէն իսկ, վիժումը եւ մանկասպանութիւնը գարշելի ոճիրներ են»։ (Վատիկանի Բ ժողով)։ Ուստի, վիժումի մը բացայայտ մասնակցութիւնը կը գոյացնէ ծանր յանցանք մը։ Եկեղեցին բանադրանքի կանոնական պատիժ կը սահմանէ մարդկային կեանքին դէմ գործուող այս յանցագործութեան համար։ Եկեղեցին դիտաւորութիւն չունի գթասրտութեան դաշտը սահմանափակելու։ Ան ցոյց կու տայ գործուած ոճիրին ծանրութիւնը եւ անդարմանելի վնասը՝ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ, որ պատճառուեցաւ սպաննուած անմեղին՝ անոր ծնողներուն եւ ամբողջ ընկերութեան…

Մարդկային ամէն անմեղ անհատի կեանքին անլուծանելի իրաւունքը կը կայացնէ քաղաքացիական ընկերութեան եւ անոր օրէնսդրութեան կազմիչ մէկ տարրը։

Մարդուն իրաւունքները կախում չունին ո՛չ անհատներէն, ո՛չ ծնողներէն, ոչ ալ ընկերութեան կողմէ կատարուած զիջում մը կը ներկայացնեն. անոնք կը պատկանին մարդկային բնութեան եւ յարակից են մարդու անձին, ստեղծագործ արարքին պատճառով, ուրկէ ան կ՚առնէ իր ծագումը։ Հիմնական այս իրաւունքներուն մէջ, հա՛րկ է թուել մարդկային ամէն էակի կեանքին եւ ֆիզիքական ամբողջութեան իրաւունքը՝ սկսեալ յղութենէն մինչեւ մահը։ Քանի որ յղութենէն սկսեալ, ամէն սաղմ պէ՛տք է իբր «անձ» նկատուի, ան պէտք է պաշտպանուի իր ամբողջականութեան մէջ, եւ կարելիութեան չափով խնամուի եւ բուժուի, ինչպէս ուրիշ որեւէ մարդկային էակ։

Նախածննդեան ախտաճանաչումը բարոյապէս օրինաւոր է, եթէ կը յարգէ կեանքը եւ ամբողջականութիւնը մարդկային նախասաղմին եւ սաղմին, եւ եթէ կը ձգտի անոր պահպանումին կամ անոր անհատական բուժումին։ Ան բարոյական օրէնքին ծանրօրէն կը հակադրուի, երբ կը նախատեսէ, ըստ արդիւնքներուն, վիժում կատարելու հաւանականութիւնը։

Ախտաճանաչում մը պէտք չէ՛ համազօր ըլլայ մահավճիռի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2026