Եկեղեցական

ՔՈՆՔԼԱՒԻ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ

ՎԱՐԴԱՆ Թ. ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Ֆրանսիսքոս Պապը անվախ պահանջատէրը եղաւ հաւատացեալին հոգեւոր եւ եկեղեցական իրաւունքներուն՝ մա՛նաւանդ անտեսուած հատուածին։ Ան մարդկութեան առջեւ, աւետարանական արդարութեան եւ գործնական եղբայրսիրութեան առաքեալը եղաւ։

ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքին մասնակից փաստաբանները այցելեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Միջազգային հարթակներու վրայ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ հասարակութիւններու մէջ արդարութիւն:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին մեծ շուքով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագը այս տարի եւս մագնիսացուց համայն հայութեան ուշադրութիւնը։ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ Մայր Տաճարին մէջ երկար ընդհատումէ մը վերջ դարձեալ հնչեց Ս. Յարութեան աւետիսը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան ցնծագին աւետիսով եւ աստուածային շնորհներու հայցով կը բերենք ամէնքիդ Հայրապետական Մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։

ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ զաւակները արդէն զիրար կ՚ողջունեն Ս. Յարութեան տաղաւարի աւետիսով։ Բոլորը կը գիտակցին այս տարի եւս Ս. Զատիկը միասնաբար դիմաւորելու արժանի դարձած ըլլալուն իմաստին եւ ուրախութեան։ 

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԷ ՔԱՐԸ

ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Աւետարանները կը պատմեն մեզի, որ Զատկուայ առաւօտ իւղաբեր կիները գացին այցելելու Յիսուսի գերեզմանը. ժայռափոր գերեզման մը, որուն մուտքը փակուած էր յոյժ մեծ քարով: Անոնց սրտերը սգաւոր էին այդ առաւօտ եւ ուրբաթ օրուան իրենց աչքերուն արցունքը չէր սրբուած տակաւին. կորուստի ցաւը, հիասթափութեան կոտտանքը, անհասելի յոյսի թանձրութիւնը հսկայական քարի մը ծանրութեամբ կը կշռէր անոնց վրայ, փակելով իրենց սրտերը:

Էջեր