ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին օրերուն փայլուն յաջողութիւններ արձանագրեցին Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութեան մէջ եւ իրաւունք շահեցան մասնակցելու Թուրքիոյ ախոյենութեան։ Այսպէս, ակումբի մարզիկներէն Աքսէլ Պէշիրեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի առաջինը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Փարիզ։ Երէկ, ուղեւորութեան ընդառաջ, երգչախումբի անդամները իրենց վերջին փորձը կատարեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները երէկ հանդէսով մը նշեցին Համաշխարհային ջուրի օրը։ Մարտի 22-ին՝ Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշական մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը՝ ընկերակցութեամբ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեանի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը, որ քանի մը օրէ ի վեր քաղաքիս մէջ կը գտնուի։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ կը շարունակուին բազմակողմանի ձեռնարկները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը աշխատանք կը տանի ծրագիրներու զանազանութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս պոլսահայ մամուլին տեղեկացուցին, որ հարցախոյզի մը աշխատանքները սկսած են համայնքէն ներս։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր համայնապատկերը ուրուագծելու համար սկսած է այս աշխատանքը, որ յառաջ կը տարուի Պատրիարքարանի «Հաղորդակցութեան խմբակ»ին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի Ֆաթիհի քաղաքապետի թեկնածու Մահիր Փոլատը։