ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցին առթիւ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցին առթիւ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Այս վերջինը Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն է, իր կենսունակութիւնը երիտասարդութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է, սակայն ապահոված աշխուժութիւնն ու ձգողականութիւնը ընդհակառակն, որովհետեւ այս երիտասարդ տարիքին իսկապէս փորձառու հովիւի մը ձեռքբերումներուն կը հասնի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի շարժառիթով յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը Տարեմուտի առթիւ սեղան մը սարքեց՝ թաղի աղքատախնամին կողմէ ցանկագրուած նպաստընկալ ընտանիքներուն համար։
Պոլսահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հրատապ խնդիրը:
Պէյօղլուի երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին մասնագէտներ դարձեալ արժեւորեցին առկայ վիճակի կացութիւնը:
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած համերգին։ Սա աւանդական ձեռնարկ մըն է եւ Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբին մասնակցութիւնը նոյնպէս։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը եւ փոխ-տնօրէնուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երիտասարդաց յանձնախումբը։
Պատրիարքական Աթոռը արձագանգեց վերջին օրերուն վախճանած երկու սրբազաններու կորուստին։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները նախընթաց օր հիւրընկալեցին ԱՔ կուսակցութեան Պէյօղլուի մասնաճիւղի ղեկավար իրաւաբան Ապտուլլահ Էնէս Էօզքանն ու ընկերակիցները։