ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ «ՑԿԵԱՆՍ ԵՐԱԺՇՏԱՊԵՏ» ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՎԵԹԵՐԱՆ ՇԱՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՆՇԱՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՉԱԼԿԸՃԵԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ու Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ Պէյօղլուի ընտանիքը որոշած է մեծարել վեթերան շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանը։
«Եոլճու» թատերախումբը երէկ Անգարայի հանդիսատեսին յաջողութեամբ ներկայացուց «Կոմիտաս»ը:
Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Մատաղօրհնութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի «Նարեկեան» սրահի վերաբացման ուրախութիւնը։ Թաղային խորհուրդի հաշուետուութեան հաւաքոյթով ազդարարուեցաւ պատմական սրահին վերաբացումը՝ յետ բարեկարգման։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլուն։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ ծաւալուած աշխատանքներուն եւ մշակուած ծրագիրներուն շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Իսքենտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։ Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Բենիամին Թապաշի զաւկին՝ Արմինա Թապաշի մկրտութիւնը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը ընկերային ցանցերու վրայ հերթական հրապարակումով հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին։ Այս գրադարանի համալիրէն ներս կը գործէ Հայկական գրատպութեան թանգարանը, ուր մամուլին յատկացուած բաժնին մէջ կարեւոր տեղ տրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Եօթ ամսուան աննկարագրելի գործունէութեան փայլուն արդիւնքներու լոյսին տակ ապագայի ուղղեալ յոյսեր՝ երկարաժամկէտ ձեռքբերումներու հասնելու համար։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնը այս տարի նշուեցաւ բացառիկ մթնոլորտի մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ քահանայական ձեռնադրութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։