ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԸ ՅԱՒԱԿՆԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբին արձանագրած յաջողութիւնները առիթ կը հանդիսանան մեծ ոգեւորութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի անցեալ տարի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը ախոյեան աւարտած էր եւ այս տարի ալ նոյն նուաճումը կրկնելու համար մրցապայքարի մէջ է։
Մխիթարեանի տարածքէն ներս կատարուած հսկայ շինարարութեան այժմու կացութեան լոյսին տակ հետզհետէ յայտնի կը դառնայ ցաւալի համայնապատկեր մը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որուն կ՚ընկերանար ծխական խորհուրդի անդամներէն Վոլքան Արատ։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Հայ մենթի մենթէօր» հարթակը, որ կազմուած է մեր համայնքի ակադեմականներէն տքթ. Մերի Թաքսի Տեւէճեանի կողմէ, 2023-2024 տարեշրջանին իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ նոր վարչական կազմով մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ հիւրընկալեց Մերսինի Թոմրիս Նատիր Մութրի ուղղափառ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ճան Արաբը, որուն կ՚ընկերանային RUMVADER-ի ընդհանուր քարտուղար Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Ռոնի Մուրատօղլու կրթական կեանքէն ներս փայլուն նուաճումներ արձանագրելով՝ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը վերջին օրերուն կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը, որ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Միջվարժարանային եռօրեայ այս մրցաշարքը արդէն 16-րդ անգամ տեղի ունեցաւ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտները յաջորդ շաբաթավերջին վերստին պիտի համախմբուին եւ այս ուղղութեամբ կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։