ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԳԱՒԱՌԻ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայիս կը ձեռնարկէ հովուապետական այցելութիւններու շարքի մը՝ դէպի մեր բոլոր եկեղեցիները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի պիտի այցելէ այն բոլոր սրբավայրերը, որոնք Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մաս կը կազմեն։ Առաջին հերթին Իսթանպուլի եկեղեցիները պիտի այցելէ Նորին Ամենապատուութիւնը։
Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Yolcu ներկայացումը, որ կազմակերպուած է Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Պարաթատերական այս ձեռնարկին համար երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին նախապատրաստական աշխատանքներ։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խանդավառ հաւաքոյթը։ Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը խորագրուած էր՝ «Սէրը անվերջ է»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Հուլիան Թէօնին։ Նորանշանակ աւագ հիւպատոսը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան՝ ծանօթանալու համար Պոլսոյ Աթոռի գործունէութեան եւ տեղեկութիւններ քաղելու համար թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին։
Համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ յառաջիկայ շաբթուան մէջ համերգով մը պիտի ներկայանայ երաժշտասէր հասարակութեան։ Երեկոյթը նախատեսուած է 11 փետրուարին, երեքշաբթի, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Գումգաբուի մէջ պիտի հիւրընկալէ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները։
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը, որու ատենախօսն էր Նազար Շիկահեր։ Միութիւնը ներկայիս կազմակերպած է զրոյցներու շարք մը, որու առաջինն էր երէկուանը։
Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արքեպս. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութենէն Վարդան Պալմումճեանն ու Արսէն Գովանը։ Մխիթարեանի ընտանիքի այս երկու ծանօթ անունները փութացած էին բացատրութիւններ տալու համար միութեան վարչութեան մշակութային վերջին կարեւոր նախաձեռնութեան շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ այն ուխտաւորները, որոնք վերջերս Երուսաղէմ մեկնած էին՝ մասնակցելու համար Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն։