ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելեցին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։
Մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելեցին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։
Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութեան մէջ էր՝ շրջանաւարտներու բաժակի օրուան առթիւ։ Վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս հաւաքը, որ բնորոշուեցաւ արտակարգօրէն բարձր տրամադրութեամբ։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան Պատրիարքներու բաժանմունքը, ուր խոնարհեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերու յիշատակին առջեւ։
Գատըգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ համախմբուեցաւ՝ բարձր տրամադրութեամբ։
Մխիթարեանցիներու Խաւիծի օրը անկիւնադարձ մը դարձաւ՝ վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։ Մխիթարեան վարժարանը, երբ կը թեւակոխէ գոյութեան երրորդ դարը, իր աշխարհատարած շրջանաւարտները տոգորուած են անբացատրելի զգացումներով։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները ամառնամուտը նշեցին հաճելի հաւաքոյթով մը։ Եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ անոնք համախմբուեցան՝ դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Եդուարդ Եըլտըրըմն ու գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն, Պէզճեան Մայր վարժարանէն եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեբաստահայոց հայրենակցական միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Եէօնքէսէրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ գլխաւորեց՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած դէպի Արմաշ ուխտագնացութիւնը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։