ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ համանուն ուխտէն Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները Գումգաբու այցելած էին Նոյեմբերի 22-ին նախատեսուած Գալֆաեանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
Պոլսահայ երաժշտական կեանքէն երկու համակրելի դէմքեր՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Հայաստան։ «Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անոնց ուղեւորութիւնը։
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր մարզական աշխարհի յայտնի եւ արդէն անմոռանալի անուններէն Սարգիս Չալըշ, որ անցեալի մէջ եղած էր Թաքսիմ մարզակումբի դարպասապահներէն մին։ Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։