«ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՄԱՆՈՐԸ
Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուեցաւ Ամանորի հաւաքոյթ մը։ Յիշեալ միութեան Պէյօղլուի հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր զարթօնք»ի Կաղանդի այս ձեռնարկը, որու մասնակիցներուն բաժնուեցաւ աւանդական անուշապուրը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորին ընդառաջ շնորհաւորական մը ուղարկած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակեցին այս շնորհաւորականին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի վերջին օրերուն հերթական անգամ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ իր նահատակ աշխատակիցներէն մէկուն:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցութիւն բերին նկարչութեան մրցոյթի մը, որու արդիւնքին ապահովեցին նուաճումներ։ «Ըշըք» համալսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ու նոր տարուան ձօնուած այս գծագրութեան մրցոյթը համախմբեց Իսթանպուլի Եւրոպական ափի դպրոցներէն մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի աշակերտները։