ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Պավիէրա նահանգէն փութացած խումբ մը հիւր հոգեւորականներ։ Տորոթէա Կրէնիէրի կողմէ գլխաւորուած խումբը Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն կը ծանօթանայ փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւններուն։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբթուան մէջ մասնակցութիւն բերին Պէշիկթաշի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած BELFEST միջվարժարանային ծրագրին։