ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՆ ԼՈՂԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած են Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած լողի մրցաշարքի արդիւնքին։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան եւ պսակի արարողութիւն։ Խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ տերսիմցի տասներկու պատանիներու եւ չափահասներու Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ընթացքին։ Մկրտութեան յաջորդեց անոնց շարքին երկու զոյգերու Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս յաջողութիւններ արձանագրեցին միջվարժարանային մրցոյթներու մէջ։