ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՀԵՐՄՈՆ ԱՐԱՔՍ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած մտաւորական դէմքերէն մին, որ երկար տասնամեակներ մարդասիրութեան ու նուիրումի խորհրդանշան մը եղած էր պոլսահայ իրականութեան մօտ։ Ոչ եւս է Տքթ. Հերմոն Արաքս. սա իսկապէս մեծ ու անփոխարինելի կորուստ մըն է՝ որքան որ ալ պատահած ըլլայ յառաջացեալ տարիքի մէջ։
Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Սէրտար Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ եւ Այգ Թուրաչ, որոնք կ՚անդամակցին «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)-Մանրատիպ» ակումբին, ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սեսիլ Քոճային, 12-16 Յունիս թուականներուն, «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցեցան «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ընդհանուր ժողովին։