ԼԻՍԷԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնէն ներս յառաջիկայ կրթական շրջանին հերթի փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ տնօրէնի պարագային։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլուին պիտի յաջորդէ Ալին Եիւճէլ, որ վերջին տարիներուն նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը կը վարէր։
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանի մէջ բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն երեկոյթով մը։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն:
Ս. Խաչ դպրեվանքի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները։ Վարժարանէն ներս կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց ամբողջ Սկիւտարի շրջանի մեր հաստատութիւններու վարիչները, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու Դպրեվանքի ընտանիքին՝ մանաւանդ այս տարուան շրջանաւարտներուն։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ դարձած է աւանդական։ Հայերէնի առընթեր այլ առարկաներ ալ կ՚ընդգրկէ այս փառատօնին ծրագիրը։
Երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերարին վերջին հրաժեշտը համախմբեց համայնքային շրջանակները, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, որոնք բարեյիշատակ գործիչի դերակատարութեան նշանակութիւնը բարձր գնահատեցին՝ իր յաւիտենական հանգիստի տխուր մեկնարկին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին կեանքի կոչեց։ Ան Նիւ Եորքի մէջ այցելեց ՄԱԿ-ի կեդրոնը։
Խոր ցաւով տեղեկացանք Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահուան լուրին։
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ պայմաններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ 11 շրջանաւարտներուն համար դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուեցաւ փայլուն հանդէս մը, որուն ներկայ էին Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները։
Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդէսին առթիւ ապրեցաւ մեծ խանդավառութիւն։