ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ որպէս Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ղեկավար երէկ հիւրընկալեց հեռուստահաղորդավար Արամ Գուրանը, որ վերջերս ներգրաւուած է Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմին։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ողջունեցին Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթով մը։ «Մարալ»ի ընտանիքը ներկայիս կը նշէ համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակը։
Ֆրանսահայ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա այս օրերուն Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ եզակի ցուցահանդէսով մը։ Բանկալթըի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է այս ցուցահանդէսը, որ շաբաթավերջին համախմբեց հոծ թիւով արուեստասէրներ։
Համայնքային շրջանակները այս օրերուն կ՚ողջունեն մեր յայտնի ու համակրելի ազգայիններէն տքթ. Գարուն Գովանի յոբելեանը։ Այսպէս, ան նախընթաց օր՝ ապրիլի 24-ին դարձաւ 60 տարեկան եւ այս կապակցութեամբ համայնքային զանազան շրջանակներէն իրեն կը հասնին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց պոլսահայ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, որոնք Գումգաբու այցելեցին Ս. Զատկի աւանդական շնորհաւորութեան առթիւ։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, 24 Ապրիլի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան խօսեցաւ քարոզ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Մինչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին սրբադասած է 1915-ի նահատակները, ամէն տարի 24 Ապրիլին կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ ալ այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին թէ՛ 1915-ի բոլոր զոհերը հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան եւ թէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութիւնը խնդրուեցաւ։
Գումգաբուի մէջ երէկ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած աւանդական այցելութիւններուն առթիւ։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին գիրքերէն մէկուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները» անուանուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։