ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ ՆԱԽԸՆԹԱՑ ՕՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը՝ պոլսահայ կրթական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի նախաձեռնութեամբ, մայրաքաղաք այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգը կը զբաղեցնէ İtimat Bürosu-ի գայթակղութիւնը։ Վերջին շրջանին Կրօնական ժողովն ալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով եւ նախաձեռնութեամբ մասնակից դարձած է այս հարցին։
Türkiye Ermenileri Patrikliği Ruhani Meclisi’nin aldığı kararla kurulan karma komisyon 11 Şubat 2025, Salı günü saat 17.00’de Sayın Garo Kaprielyan’ın iddialarıhakkında görüşmek üzere Patrikhane’de toplandı. Toplantıya Patrik Vekili Kıdemli Peder Krikor Damadyan, Ruhani Meclis Başkanı Kıdemli Peder Zaven Bıçakçyan, Lusararabed Kıdemli Peder Drtad Uzunyan, Patrikhane Mali Komisyonu üyeleri Vartevar Cavak ve Arman Çiçekoğlu ve ERVAB Mali Komisyon üyesi Mıgırdiç Kaya katıldılar.
Թուրքիոյ մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ, Աթագիւղի մարզասրահին մէջ կազմակերպուած Իսթանպուլի փոքրերու առաջնութեան ծիրէն ներս, Շիշլի մարզակումբէն Աքսել Պեշիրեան հասաւ ծափահարելի յաջողութեան մը։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Մխճեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Պատրիարքարանի կողմէ երէկ այս եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ՝ որպէս թաղային խորհուրդի ատենապետ նշուած է Միսաք Կիւլլիւքի անունը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իրանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն խումբ մը ներկայացուցիչներ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտներէն Ռոպին Քարապուլութ, Էլիֆ Քոչաք եւ Սեսիլիա Մենթեշէ անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցան «Հիսար» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած՝ JMUN-ի համաժողովին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւքն եւ ճարտարապետ Նազար Պինաթլըն։
Սօսի Ճնտոյեանի յուշերու շահեկան գիրքը լոյս կը սփռէ պոլսահայ կեանքի արդի տարեգրութեանց վրայ: