ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
Հայաստանի Ազգային ժողովին կատարած ընտրութեան հիման վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիրը Նիկոլ Փաշինեան գործի ձեռնարկելու զուգահեռ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն կը հասնին բազում շնորհաւորականներ։
Կառավարութեան կազմը կ՚ենթարկուի էական փոփոխութեան։ Երեւան կը շարունակէ յանձնառու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար՝ ըստ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին։ Յառաջիկայ ընտրութիւններու արդարութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ խոստումներ։
Հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ խաւիծի օրուան մասնակից շրջանաւարտներուն:
Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր դարձեալ արտահերթ նիստ մը կը գումարէ՝ յեղափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ ընտրելու համար երկրի վարչապետը։ Շաբաթ մը առաջ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւանութիւն չէր տուած յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն։
Զափիոն վարժարանէն ներս բացուեցաւ՝ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ կարեւոր ցուցահանդէս մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։
«Մխիթարը եւ մխիթարեանները. Քրիստոնէական լուսաւորութեան դպրանոցը» միջազգային հաւաքոյթ: