ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՀԱՆԴԻՊԻԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն յառաջիկայ ամիս հանդիպիլ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ հանդիպում մը ունեցան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։
Հանրապետութեան նախագահը Լոնտոնի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Նորին սրբազնութեան կ՚ուղեկցի Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ան այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք։
Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը չի նախատեսեր արտաքին քաղաքական ուղենիշի փոփոխութիւն:
Համահայկական նուագախումբը փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Վրաստանի մէջ նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի կը վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։ Վերջին օրերուն ան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ՝ իր կողմէ հիմնադրուած «Վրացական երազանք» կուսակցութեան համար, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան հրաւիրեց պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը Սոչիի մէջ կը մասնակցի ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովին:
Շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմը ստացաւ իր վերջնական տեսքը։ Շաբաթավերջի նշանակումներով յայտնի դարձաւ նաեւ Հայաստանի նոր արտաքին գործոց նախարարին անունը։ Այսպէս, վերջին տասն տարիներուն պաշտօնավարած Եդուարդ Նալպանտեանին կը յաջորդէ Զօհրապ Մնացականեան։