Լրահոս

ԳԻՐՔԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Գիրքի երեւանեան փառատօնը (Yerevan Book Fest) հայ ժամանակակից գրականութիւնը ընթերցողին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, կ՚ամրացնէ գրող-ընթերցող շղթան, նոր հրատարակութիւններու մասին տեղեկութիւնը առաւել հասանելի կը դարձնէ։

Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ անոնք խորհրդակցեցան՝ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։

ԱՆԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

«Հայաստան ցայսօր երբեք ետ չէ կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն»:
Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի Երեւանի վերջին բանակցութիւնները անցան լիակատար փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ՝ դաշնակիցներու վայել ձեւով:

ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այսօր եռակողմանի գագաթաժողով մը կ՚իրականացնեն Սոչիի մէջ։ Օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ շարք մը առանցքային խնդիրներ։

ԽՆԴՐԱԳՐԵՐ՝ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Տեղապահ սրբազան հայրը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դիմեց պետական աւագանիին:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նամակներ ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարին: Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս չեն հրապարակած գրութիւններու բովանդակութիւնները:

Էջեր