«SIGNE» ՆՄՈՅՇՆԵՐ
Ամանորի ընդառաջ վաճառքի կը դրուին յայտնի վաճառանիշներով ընտիր գոհարեղէններ եւ ժամացոյցներ:
«Փորթագալ» գեղարուեստի տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աննախընթաց աճուրդը մեծ հետաքրքրութեան առարկայ:
Ամանորի ընդառաջ վաճառքի կը դրուին յայտնի վաճառանիշներով ընտիր գոհարեղէններ եւ ժամացոյցներ:
«Փորթագալ» գեղարուեստի տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աննախընթաց աճուրդը մեծ հետաքրքրութեան առարկայ:
Հայաստան կը պատրաստուի մինչեւ յաջորդ տարուան գարունը առ ոչինչ հռչակել Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ 2009 թուականի Հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած այդ արձանագրութիւնները առ ոչինչ յայտարարելու մասին առաջին անգամ անցեալ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն խօսած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները վերջին օրերուն Պրիւքսելի մէջ իրականացուցին երկօրեայ գագաթաժողով մը։ Եւրոմիութեան խորհուրդի Պրիւքսելի ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Թերենս-Նիքոլաոս Քուիքը եւ Յունական Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան մատնանշեց, որ հայ-կիպրական եւ հայ-յունական սփիւռքներու միջեւ սկսած է աշխոյժ համագործակցութիւն մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմէն ներս վերջերս նշուեցան երկու կարեւոր յոբելաններ։ Այսպէս Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ եւ Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեանի քահանայագործութեան 35-ամեայ կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպուեցաւ յոբելենական շքեղ հանդիսութիւն մը։
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Իսթանպուլի երէկուան արտահերթ գագաթաժողովը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ համախմբուած 56 երկիրներու ներկայացուցիչները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ, որով Արեւելեան Երուսաղէմը ճանչցուեցաւ Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաքը, ընդգծուեցաւ անոր բռնագրաւեալ բնոյթը եւ համապատասխան կոչ ուղղուեցաւ համայն աշխարհին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Այսպէս, ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018 թուականի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։
ՆԱԹՕ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար Ռոուզ Կոթէմիւլլէր յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Երեւան, ուր պիտի ընդունուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։
Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան յայտարարեց, որ վտանգներ կը տեսնէ հայագիտութեան բնագաւառին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերատեսուչը հայագիտական հետազօտութիւններու բնագաւառէն ներս կը նկատէ որոշ յետընթաց։
ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վաղը պիտի մէկտեղուին Քիեւի մէջ:
«Հայաստան կը ձգտի պահպանել այս կազմակերպութեան բացառապէս տնտեսական եւ ապաքաղաքական բնոյթը»: