ՍԻՊԻԼ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ծիծեռնակ» ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութիւնը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օփերայի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին մրցանակի մը արժանացաւ նաեւ պոլսահայ մեներգչուհի Սիպիլ, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի ընտրանին։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու աւարտին Հայաստան յաղթանակ տօնեց 2-0 արդիւնքով։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան հռչակուեցաւ Հայաստանի տարուոյն լաւագոյն ֆութպոլէօրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր արարողութեան մը ընթացքին ան ստացաւ իր «Ոսկէ գնդակ»ը։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճազի յատկանշական համերգ մը։ Օփերայի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ «Նիւ Եորք-Երեւան ճազի ճանաչում» խորագրին ներքեւ։
«ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ԵՓԿ-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ցաւ կը պատճառէ Թուրքիոյ»:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ Եւրոպա պէտք է աւելի անկախ ըլլայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Rheinische Post թերթին համար գրի առած յօդուածին մէջ գերմանացի նախարարը նշեց հետեւեալը. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութիւնը Անդրատլանտեան հանրակցութեան հիմքն է, բայց Եւրոմիութիւնը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ինքնուրոյն կարգաւորելու այն ճգնաժամերն ու հակամարտութիւնները, որոնք ի յայտ կու գան իր հարեւանութեամբ»։