Լրահոս
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՇՏ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒԻՆ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին քննարկուեցան երկրի մէջ սփիւռքահայ գործարարներու կողմէ ներդրումներու կատարման վերաբերեալ հարցեր։ «Հայաստանի մէջ ներդրումներուն սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը» նիւթով կազմակերպուած կլոր սեղան մըն էր այս մէկը, որու քննարկումներուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան չորս տասնեակ գործարարներ։
«ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՏԱՊԱԼԵԼ ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ»
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ սադրանքներով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարի խախտումները հետզհետէ կը խտացնեն, այդ երկրի ղեկավարը՝ Իլհամ Ալիեւն ալ հանդէս կու գայ սադրիչ յայտարարութիւններով։
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱՑԱԾ
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական Մատենադարանի ուսումնարան 2016 թուականին այցելած է 89 հազար մարդ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշած է, որ այցելուներու այս ցուցանիշը 3 հազարով գերազանցած է 2015 թուականի տուեալները:
ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՔԱՆԴԱԿ
Երեւանի Սիրահարներու այգիի տարածքին պիտի տեղադրուի «Սիրահարներ» արձանը: Տեղադրման համաձայնութիւն տալու համար հարցը ընդգրկուած է Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ նիստի օրակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջը:
ՏՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տքթ. Էլի Թաշճեան:
ԷԼ ՊԱՊ ԵՒ … ՌԱՔՔԱ
CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոյի այսօրուան Անգարա այցելութիւնը կը պայմանաւորէ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային պայքարի ապագան:
Թուրք զինեալ ուժերու «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ: Թուրքիա կը սգայ երէկ նահատակուած հինգ զինուորներուն յիշատակը: Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած փոխըմբռնումը կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել հաշուարկները: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, մեծ բծախնդրութիւն եւ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի Սուրիայէ ներս առնուած քայլերու համակարգման համար:
ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԶՈՒԳԱԴԻՊԻԼ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ
Արդարատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ այս առաւօտ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ TRT-էն։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ սահմանադրութեան բարեփոխման ուղղեալ հանրաքուէին համար որպէս թուական կը նախատեսուի Ապրիլի 16-ը։
ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԿԸ ՇՕՇԱՓԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ այցելութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Մարտի վերջաւորութեան։
ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի կառավարութիւնը զարկ կու տայ երկրի ենթակառուցուածքներու կատարելագործման:
Ճանապարհաշինութեան, հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառները առաջնահերթ:

