ՍԹԱՓԵՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան:
Ատրպէյճանի զօրքերը եօթ կորուստ տուին Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ: Երեւանի ղեկավարութիւնը այս ոտնձգութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերագրեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա սահմանին վրայ պատահածը որակեց սադրանք:
Հայկ Տեմոյեանի եւ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի ջանքերով յայտնաբերուած ազգային կարեւոր արժէքներ:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ Ամանորի սեմին կազմակերպուած մասնաւոր երեկոյթով մը մեծարուեցան երկրի այս տարուան լաւագոյն տասն մարզիկները։
Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան:
Տաղանդաւոր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան կը շարունակէ արձանագրել նորանոր նուաճումներ եւ ամրապնդել իր համբաւը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան վերջերս հնարաւորութիւն ունեցաւ նուագելու շատ խորհրդանշական նուագարանով մը։ Այսպէս, Նարեկ Հախնազարեան նուագեց այն թաւջութակով, որ 1707 թուականին արտադրուած էր նուագարաններու աշխարհահռչակ վարպետ Ճիւզեփփէ Կվարներիի կողմէ։ Այդ թաւջութակով ցայսօր նուագած են բազմաթիւ անուանի երաժիշտներ։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութեան հասան՝ որպէսզի կէս գիշերին հրադադար հաստատուի Սուրիոյ մէջ: