ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը տեսակցի Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյին Տեհքանի հետ։ Այցելութեան հիմնական նպատակն է՝ շարունակել երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտի խորհրդակցութիւնները։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային կապերու ամրապնդման վերաբերեալ նիւթեր
Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին պաշտօնական այց մը տուաւ Թուրքիա:
Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու 25-ամեակին առթիւ տօնակատարութիւններ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութեան հետ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ, Յունուարի 25-ին, Յովհաննէս Թումանեանի՝ Դսեղի տուն-թանգարանի ենթակառուցուածքներու շինարարութեան համար համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուած է: Փաստաթուղթը ստորագրած են ամերիկահայ երաժիշտ, բարերար Աշոտ Տիգրանեան եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան, արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարապետ Վարդանեան։
Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած համերգը վերջերս կայացաւ Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Համերգը կը կրէր «Սիրուած երգեր» խորագիրը։
Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակի մէջ Փետրուարին կ բացուի Body The Exhibition ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է մարդկային մարմնին: Ցուցահանդէսը կը ներառնէ քսան մարմին եւ մարդկային մարմնի մասերէն ստեղծուած երեք հարիւր ցուցանմոյշ:
Շուայտ ապրելակերպի խորհրդանիշ համարուող Տուպայիի մէջ կ՚իրականացուի հերթական յաւակնոտ նախագիծ մը, որու շրջանակներէն ներս կը կառուցուի տարածքաշրջանի խոշորագոյն զբօսանաւերու նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ ամենագեղեցիկ փարոսներէն մէկը: