ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՍԵԶԱՐ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի Փետրուարի 24-ին կը ստանայ պատուաւոր «Սեզար» շարժանկարի մրցանակը։ Այս որոշումը կայացուցած է Ֆրանսայի Շարժանկարի ակադեմիան:
Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի Փետրուարի 24-ին կը ստանայ պատուաւոր «Սեզար» շարժանկարի մրցանակը։ Այս որոշումը կայացուցած է Ֆրանսայի Շարժանկարի ակադեմիան:
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ զանազան ուղղութիւններով զարգացնել գործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Նոր իրաւական պայմանագրի պատրաստութեան ուղղեալ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին:
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնութեան ղեկավար Սարա Սուինֆորտ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին վերջերս շնորհուեցաւ՝ Հայաստանի մէջ գործող «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան պատուոյ անդամի կոչում։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տարօն Մարգարեան այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ այդ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայացուցած Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2017 թուականի ծրագիրը եւ ձեռնարկներու ցանկին հաւանութիւն տալու մասին նախագիծը:
Խրիմի մէջ սկսած է ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» շարժանկարի նկարահանումները, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ 1988 թուականի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին: Շարժապատկերին մէջ կը խաղան հայ եւ ռուս, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի դերասաններ:
Քարիւղի ճարտարապետներու միջազգային ընկերակցութիւնը վերջերս իր «Առողջապահութեան, ապահովութեան, կենսոլորտի պահպանման եւ ընկերային պատասխանատւութեան» մրցանակը շնորհած է Տքթ. Մարիանա Ոսկանեանին։
Վենեզուելայի մէջ սկսած են նոր ուղղահայեաց թղթադրամներ հրապարակել՝ 500-էն մինչեւ 20.000 պոլիվար արժէքով: Մինչեւ հիմա մեծագոյն արժէքով թղթոսկին 100 պոլիվարն էր, որուն վրայի պատկերը եւս ուղղահայեաց դիրքով տպագրուած է:
Երեւանի մէջ երէկ կազմակերպուեցաւ եզակի հաւաք մը, որ մէկտեղեց բազմաթիւ հայերնադարձներ:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Սուրիահայերը վերջին տարիներուն իրենց հետ բերին նոր մշակոյթ ու նոր մօտեցումներ»:
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ գերեվարուած ազէրի զինուոր Էլնուր Հիւսէյինզատէի հարցը կը մնայ ուշադրութեան առարկայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թալիշի մէջ նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը կատարած էին ներթափանցման փորձ մը, որու ձախողման զուգահեռ գերի ինկած էր Էլնուր Հիւսէյինզատէ։