ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԼՈՒԾՈՒՄ
Տարեմուտի դրութեամբ Վալերի Սեմերիքով ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
Զաքարեան. «Հայաստան տակաւին կը սպասէ իր հերթին, որպէսզի իր ներկայացուցիչը վարէ այդ պաշտօնը»:
Տարեմուտի դրութեամբ Վալերի Սեմերիքով ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
Զաքարեան. «Հայաստան տակաւին կը սպասէ իր հերթին, որպէսզի իր ներկայացուցիչը վարէ այդ պաշտօնը»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ ան պիտի տեսակցի ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանք Էնկէլ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ ուղիղ բանակցութիւններու անցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։
«Աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը 2030 թուականին պիտի ապրի քաղաքներու մէջ»:
Քաղաքաշինութեան գործընթացը հնարաւորութիւններ կրնայ ընձեռել կայուն զարգացման հասնելու առումով:
2017 թուականին Իտալիա պիտի ստանձնէ Մեծ եօթնեակի՝ G-7-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։
Թուրքիա վճռած է անձնատուր չըլլալ ահաբեկչութեան, աննախընթաց միասնականութեամբ:
Օրթագիւղի պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԻՇԻՊ, ահաբեկչի ինքնութիւնը պարզուեցաւ:
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ 2017 թուականի կէսերուն Հայաստանի մէջ հաստատել 25 միլիոն եւրօ դրամագլուխով ներդրումային հիմնադրամ մը։ Այդ դրամագլուխին 15 միլիոն եւրոն պիտի յատկացուի Եւրոմիութեան կողմէ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան, որ Անգլիոյ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ այս տարի, դասուած է տարուան հարիւր լաւագոյն խաղացողներու շարքին։ Fourfourtwo-ի կողմէ կազմուած ցուցակի 60-րդ հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուցած է Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայ եղանակի սկիզբին 42 միլիոն եւրօ փոխարժէքով փոխանցուած էր «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կողմէ։
Թուրքիա 2017 թուականը դիմաւորեց Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքին ցնցումով. 39 զոհ, 65 վիրաւոր
Օրթագիւղի «Ռէյնա» գիշերային ակումբէն ներս մղձաւանջային ոճրագործութեան զուգահեռ աշխարհի գրեթէ բոլոր մայրաքաղաքներէն եւ միջազգային կառոյցներու կեդրոններէն զօրակցութեան պատգամներ կը հասնին Անգարա։ Անվտանգութեան ամբողջ համակարգը շարժման անցած է՝ խոյս տուած յանցագործը յայտնաբերելու համար։
Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան. «Որպէս ազգ՝ մեր պաղարիւնութիւնը պահպանելով, իրարու աւելի փարելով երբեք տեղի պիտի չտանք նման կեղտոտ խաղերու»։