Ֆրանսահայ բժիշկներՈՒ բարեսիրական ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան (UMAF) անդամները աւելի քան հինգ հարիւր երախայ հետազօտած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզի տարբեր գիւղերու եւ Սիսիան քաղաքին մէջ, ԱԿԲԱ- «Քրետի Ակրիքոլ Պանք»ի աջակցութեամբ իրագործուող բարեսիրական ծրագրի շրջանակին մէջ:
Արցախի անկախութեան 25-ամեակը՝ Ապրիլի պատերազմի յիշողութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտով:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ հայկական հարցը դարձեալ որոշիչ գործօնի վերածուած:
Եդուարդ Նալպանտեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արդի փուլի հարցերուն եւ անոնց յաղթահարման սկզբունքներուն անդրադարձաւ երէկ Փոտստամի մէջ կազմակերպուած՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Չինաստան՝ մասնակցելու համար «G-20»ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակին վրայ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը 11-րդն է իր նմաններու շարքին։
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Շուլցը ընդունեց Պեշթեփէի պալատին մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ: