ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին դարձեալ այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան: Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով յառաջիկայ օրերուն Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կոմիտէին 40-րդ նստաշրջանը ընթացքի մէջ:
Հալէպի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին նահատակուած է սուրիական բանակի հալէպահայ զինուորական ծառայող Փանոս Աղազարեան, որ ծնած է 1994 թուականին։
Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն ճարտարապետական հիմնարկներէն մէկը հանդիսացող «Սմիթկրուփ» հաստատութեան Լոս Անճելըսի կեդրոնէն Կլենտէյլի համայնքէն ներս գործօն անդամ Ալեք Զարիֆեան վերջերս ընտրուեցաւ Ամերիկայի Ճարտարապետներու հիմնարկի ճարտարապետներու համաժողովի անդամ՝ հանդիսանալով այս տարի Միացեալ Նահանգներու այդ հեղինակաւոր պատուին արժանացած 149 ճարտարապետներէն մէկը:

«Լեռնային Ղարաբաղի պարագային կարգավիճակը պիտի փոխուի՝ եթէ ճանաչում գտնէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը»: